ԵՐԵՒԱՆ.– 3 Յունիսին Ղրղզիստանի Չոլփոն Ատա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին մասնակցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նիստին ընթացքին քննարկուած է շուրջ 20 հարց՝ համագործակցութեան տարբեր ուղղութիւններով: Նախանշուած են ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու զինուած ուժերու 2016ի միացեալ նախաձեռնութիւնները, որոնց կարգին զինուորներու դաշտային (օդային, ծովային) հմտութիւններու կատարելագործման ուղղուած միջազգային մրցումներու կազմակերպումը:
Նիստի աւարտին տրուած են յստակ որոշումներ՝ ԱՊՀի մասնակից պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններուն միջեւ բազմակողմանի միացեալ գործունէութեան աշխուժացման վերաբերեալ։
4 Յունիսին, նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը մասնակցած է Տուշանպէի մէջ (Տաճիկիստանի Հանրապետութիւն) կայացած ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Նիստին ընթացքին ամփոփուած են այս Մայիսին կայացած ՀԱՊԿի անմիջական արձագանգման ազգային ստորաբաժանումներուն համար նախատեսուած խնդիրներու կատարման պատրաստուածութեան ստուգման արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քննարկուած են շարք մը հարցեր՝ ՀԱՊԿի ռազմական բաղադրիչի հետագայ զարգացման վերաբերող։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.