ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել անցեալ շաբաթ ըսած էր, որ 1915ի պատահարները հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան բնոյթը ունին։ «Կը մտածեմ, որ 1915ի պատահարները պէտք է որակուին իբրեւ ցեղասպանութիւն», ըսած էր ան։
Շարլ Միշելի այս արտայայտութիւնը մեծ զայրոյթ պատճառեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր մը հրատարակելով՝ դիտել տուաւ, որ Պելճիքայի վարչապետը Թուրքիան արատաւորելով՝ քաղաքական շահ կը հետապնդէ։
Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Պելճիքայի վարչապետին յայտարարութիւնները հաշտ չեն պատմական ճշմարտութիւններու հետ եւ անոնք կը բռնաբարեն օրէնքները։ Ան ընդունած է, որ այս մասին միջազգային դատարանի մը կողմէ տրուած որոշում մը չկայ, եւ ասիկա նիւթ մըն է, որուն մասին իրաւական կամ ակադեմական տարազ մըն ալ ընդունուած չէ եւ հակառակ այս բոլորին, ցեղասպանութեան մասին որոշումի մը յանգիլը ո՛չ ընդունելի է, ոչ ալ ներելի է»։
Հաղորդագրութեան մէջ նախարարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Պելճիքա երկիր մըն է, որ տակաւին չէ առերեսուած իր պատմութեան մութ էջերուն հետ։ «Հիմա մտահոգութեամբ կը տեսնենք, որ այսպիսի երկրի մը մէջ բազմացած են թուրքերը ամբաստանող յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները։ Փաստ է, թէ հիմա քաղաքական շրջանակները թուր-քերը արատաւորելու ռազմավարութեամբ քաղաքական շահ ապահովել կը ջանան։ Ասիկա բնականաբար կը վիրաւորէ Պելճիքայի թուրք հասարակութիւնը, որ այդ երկրին մէջ այնքան կարեւոր ներդրում ունի՝ տնտեսական, ընկերային ու մշակութային մարզերէ ներս։ Այսպիսի արտայայտութիւններ ժխտական ազդեցութիւն պիտի գործեն մեր յարաբերութիւններուն վրայ։ Վարչապետը իր չափէն վեր ելած է՝ 1915ի մասին ցեղասպանութիւն բառը գործածելով», ըսուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.