ՍԹՐԱԶՊՈՒԿ, «Երկիր Մեդիա».- Երեքշաբթի, Յունիս 23ին, Սթրազպուրկի մէջ ընթացող ԵԽԽՎ ամառնային նստաշրջանին ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն:
Մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան ծիրէն ներս Եւրոխորհուրդի դերը կարեւոր համարելով, Պան Քի Մուն խօսած է ընդհանրապէս գաղթականներու տագնապին մասին եւ կեդրոնացած է յատկապէս Սուրիոյ գաղթականներու հարցին:
Ելոյթին յաջորդած են պատգամաւորներուն հարցումները, եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը տուած է աւանդական դարձած հարցումը՝ «Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքներուն 20 տոկոսը գրաւել»ու եւ «մէկ միլիոն գաղթականներ»ուն մասին: Պատասխանին մէջ, Պան Քի Մուն ըսած է, թէ վտանգաւոր կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին հրադադարի խախտումները եւ անհանգստացած է բոլոր կողմերէն հնչող ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ: Ան ազդարարած է, թէ որեւէ առճակատում աւերիչ պիտի ըլլայ ամբողջ շրջանին համար ու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակէն խնդրած է հակամարտութեան կարգաւորման համար աւելի կառուցողական նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ: