ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մամոյ ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿ ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ քննադատած է Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած հասարակական բողոքի ցոյցին ընթացքին ոստիկաններու գործողութիւնները՝ լրագրողներու նկատմամբ:
ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Միաթովիչ գրած է. «Լրատուամիջոնցները իրաւունք ունին լուսաբանելու հանրային իրադարձութիւնները, եւ լրագրողները պէտք է կարենան հաղորդել ազատօրէն եւ ապահով պայմաններու տակ՝ առանց հետապնդումներու եւ սպառնալիքներու վախին», ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ լրագրողներու ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորուած ըլլայ իշխանութեանց կողմէ:
Յիշատակելով հայկական շարք մը լրատուամիջոնցներու ներկայացուցիչներուն եւ անոնց սարքերուն կրած վնասները՝ ԵԱՀԿ ներկայացուցիչը շարունակած է. «Կոչ կ՛ընեմ իշխանութիւններուն, որ անյապաղ հետաքննեն այս դէպքերը եւ քայլեր ձեռնարկեն՝ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն նկատմամբ իրաւապահ մարմիններու զսպուածութիւնը ապահովելու նպատակով»:
Նշենք, որ Յունիս 23ին, Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ Օփերային յարող տարածքին մէջ ձերպակալուած 237 քաղաքացիներուն մէջ կային նաեւ լրագրողներ, որոնք աւելի ուշ ազատ արձակուած են: