ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեան «Գալա» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Բաղրամեան պողոտային վրայ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած դէպքերուն՝ նշելով, որ լրագրողներուն հաշուոյն սխալներ կատարուած են։
«Ոստիկանութիւնը շատ երկար հանդուրժողականութիւն է ցուցաբերել, իսկ թողնել կենտրոնական փողոցը եւս մէկ օր փակ վիճակում, դա այլոց իրաւունքների ոտնահարում է: Եթէ մենք ուզում ենք օրինականութիւն հաստատել, անօրինական ճանապարհով դա պէտք է չանենք», յայտնած է ան։
Ոստիկանապետը ներողութիւն խնդրած է լրագրողներուն հանդէպ կիրառուած բռնութեան համար՝ նշելով, որ ծառայողական քննութիւնը կարճ ժամանակուան ընթացքին պիտի բացայայտէ կատարուածը:
«Կան որոշակի թերութիւններ, որ ես տեսել եմ աշխատանքի մէջ, յատկապէս՝ լրատուամիջոցների ներկայացուցիչների հետ կապուած: Հայցում եմ իմ ներողամտութիւնը: Ծառայողական քննութիւն ենք նշանակել, մենք դա կը կարգաւորենք: Գիտեմ, որ կոտրուել են տեխնիկական միջոցներ, ոստիկանութիւնը կը վերականգնի լրագրողներին պատճառուած նիւթական վնասները», ըսած է ոստիկանապետը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ իրենք չեն հանդուրժեր դէպքեր, երբ փորձ կատարուի ոստիկանին լաւ աշխատանքը խանգարել ոչ ճիշդ գործողութիւններով:
«Հետեւել եմ ամբողջ ընթացքին, ոստիկանութեան աշխատանքները համաչափ էին, եւ դրա արդիւնքն է, որ այսօր մենք չունենք լուրջ վնասուածքներ, որն ունեցել ենք ժամանակի ընթացքում: Այն թերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունեն, կարճ ժամկէտում կը վերացուեն», աւելցուցած է Գասպարեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.