ԷՆՍԻՆՕ.- Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 20րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Յունիս 28ին, յընթացս Ս. պատարագի, Հայրապետական Մաղթանք պիտի կատարուի Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ պատարագին, պիտի նախագահէ Հայրապետական Մաղթանքի արարողութեան եւ իր պատգամին ընդմէջէն վեր պիտի առնէ 20ամեայ գահակալութեան տարիներուն՝ նորին սուրբ օծութեան իրագործումները մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռին պայծառութեան, վերելքին եւ շինութեան ի խնդիր։
«Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները խուռներամ ուղղուելու մեր եկեղեցիները եւ աղօթք բարձրացնելու Կիլիկեան Ս. աթոռի անսասանութեան եւ անոր ազգընտիր գահակալին քաջառողջութեան ու երկար գահակալութեան համար», նշուած է առաջնորդարանի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։