ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մէկ շաբաթէն Երեւանի մէջ պիտի սկսին Միջազգային 4րդ բժշկական համագումարի աշխատանքները: Նախատեսուած է, որ անոր մասնակցին առողջապահութեան ոլորտի համաշխարհային ճանաչում ունեցող մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ հայ բժիշկներ ու հիւանդապահներ։
Համագումարը, որուն բացման նիստը տեղի պիտի ունենայ «Արմէնիա-Մարիո»չ պանդոկին մէջ եւ պիտի տեւէ 2-4 Յուլիս, ունի քանի մը առանձնայատկութիւններ, որոնց մէջ գլխաւորը այն է, որ անիկա տեղի կ՛ունենայ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարուան ընթացքին: Այս հանգամանքէն մեկնելով՝ որպէս համագումարի աշխատանքներու երկու հիմնական ուղղութիւն, ընտրուած են վերարտադրողական առողջութիւնը, ինչպէս նաեւ վաղաժամ մահուան պատճառ հանդիսացող հիւանդութիւններու կանխարգիլումն ու բուժումը: Խօսքը յատկապէս կը վերաբերի սրտանօթային ու քաղցկեղային հիւանդութիւններուն:
Համագումարին երկրորդ հիմնական իւրայատկութիւնն այն է, որ պիտի կազմակերպուին նաեւ արբանեակային գիտաժողովներ՝ տարբեր նիւթերով։ 1-4 Յուլիսին պիտի կայանան 10է աւելի գիտաժողովներ նեարդաբանութիւն, մանկաբուժութիւն, քաղցկեղի բուժում եւ այլ նիւթերով, որոնց ընթացքին դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գան համուգումարի հիւր եղող օտար մասնագէտները: Գիտաժողովին մասնակցութիւնը, ի տարբերութիւն համագումարի մասնակցութեան, անվճար պիտի ըլլայ։
Համագումարին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահական ոլորտի խնդիրները, բժշկութեան ոլորտի թեքնիք յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ խնդիրներ:
Նախաձեռնութեան երրորդ օրը ամբողջութեամբ պիտի նուիրուի Հայաստանի ու Սփիւռքի բժիշկներուն միջեւ համագործակցութեան հարցին, այդ համագործակցային ռազմավարութեան առնչուող խնդիրներուն։
Նախաձեռնութեան պաշտօնական լեզուներն են անգլերէնն ու հայերէնը, կայքը՝ www.4imca.am, Դիմատետրի էջը՝ https://www.facebook.com/4imca?fref=ts
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.