Երեքշաբթի, Յունիս 30ին, Ճարտարարուեստի եւ արդիւնաբերութեան օրուան առիթով, Թեհրանի գլխաւոր համագումարներու դահլիճին մէջ տեղի ունացաւ Իրանի ճարտարարուեստի, արդիւնաբերութեան եւ հանքերու օրուան առիթով տեղի ունեցած միջոցառման ընթացքին, հանրապետութեան նախագահի առաջին օգնական դոկտ. Ճահանկիրի ձեռամբ կատարուեցաւ գնահատականներու եւ շքանշաններու տուչութիւն, Իրանի մակարդակով յաջողած 12 գործարարներու, որոնցմէ երեքը գնահատուեցան իբրեւ օրինակելի եւ վաստակաւոր գործարար:
Վերոնշեալ երեքի շարքին էր Իրանի արական հագուստեղէնի ամենանշանաւոր ու հեղինակութիւն վայելող վաճառանիշ՝ «Յակոբեան» ընկերութեան տէր ու տնօրէն Սմբատ Յակոբեան:
Գնահատական հանդիսութեան, հանրապետութեան նախագահի առաջին օգնականէն բացի ներկայ էին նախարարներ, Թեհրանի նահանգապետը, խորհրդարանի պատգամաւորներ, մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ եւ արդիւնաբերական ոլորտին մէջ աշխատող գործիչներ:
Նշենք, որ Սմբատ Յակոբեան իր վաճառանիշը սկսած է արտադրելու 1975, այսօր ունենալով հսկայական գործարաններ (արական հագուստեղէնի եւ վերնաշապիկի)։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.