Ermenihaber.am.– Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական «Արմէն» ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու պահանջով քայլարշաւ կազմակերպուած է՝ Թուզլայի ափամերձ շրջանէն ճամբարի տարածք:
Թրքական «Ռատիքալ» լրատու կայքին համաձայն՝ քայլարշաւին մասնակցած է 500 հոգի, որոնց հետ 3 քիլոմեթր քալած է ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներ Պարըշ Եարքատաշը եւ Օնուրսալ Ատըքիւզել:
Քայլարշաւէն ետք ճամբարի տարածքին մէջ հաւաքուած մասնակիցները յայտարարութիւն հրապարակած են: Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն անունով ելոյթ ունեցած երիտասարդները պահանջած են ճամբարը վերադարձնել հայ համայնքին: Ելոյթ ունեցած է պատգամաւոր Եարքատաշը՝ դիտել տալով, որ իր կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդին բարեկամ է, ան միշտ տուժողներուն կողքին է եւ արտօնութիւն չի տար, որ ոեւէ մէկը տուժէ։
Ան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մեղադրած է խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ ճամբարը հայերուն վերադարձնելու պատրանք ստեղծելու յանցանքով:
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, թէ այս վայրը հայերուն պիտի տայ, պիտի կանխէ իրաւունքներու ոտնահարումը: Մինչդեռ այսօր յստակ է, որ այս վայրը կ՛ուզեն իրենց կողմնակիցներներուն յանձնել», յայտնած է ընդդիմադիր պատգամաւորը: Ան ընդգծած է, որ ճամբարի իրական տէրերը «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքին ընկերներն են, իսկ ճամբարը Հրանդին ժառանգութիւնն է, զոր թողած է երիտասարդներուն:
«Այս ժառանգութիւնը հարկաւոր է իրական տէրերուն յանձնել եւ կանխել իրաւունքի ոտնահարումը», յայտարարած է Եարքատաշ՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի պայքարին իրաւունքներու ոտնահարման դէմ եւ պիտի հետեւին ճամբարին վերաբերող զարգացումներուն։