ՍԱՆԹԱ ՄՈՆԻՔԱ.- Շաբաթ, Յունիս 27ին, Սանթա Մոնիքայի Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս Ղպտի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներու տարեկան 8րդ միօրեայ հաւաքը: «Ուղղափառ Փառաբանութեան Օր»ուան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայց. առաքելական, Ղպտի, Ասորի, Եթովպիոյ, Հնդիկ, Ռուսիոյ եւ այլ ուղղափառ եկեղեցիներ:
Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին ներկաները ստացան Ս. հաղորդութիւն: Ապա, եկեղեցւոյ կողքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ ճաշ ու ծանօթացում: Պաշտօնական յայտագիրին ընթացքին իւրաքանչիւր եկեղեցի իր լեզուով ներկայացուց իր շարականներէն ու հոգեւոր երգերէն փունջ մը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Ազգային առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երգչախումբի անդամները այս տարի եւս մասնակցութիւն բերին հաւաքին, ղեկավարութեամբ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի: Երգչախումբը մատուցեց «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»ը, «Տէր Ողորմեա»ն եւ «Կիլիկիա»ն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.