ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խմբագիրին ուղղուած անձնական նամակով մը, մտաւորական մը հետեւեալ գնահատականը տուած է «Թռչնոց Բոյն»ի որբերու գերեզմաններու փոխադրութեան վերաբերեալ որբանոցի խնամակալ մարմինի նախագահի հարցազրոյցին.
«Այս «Թռչնոց Բոյն»ի խնդրին մասին՝ բոլորը կարդացի, շատ բան չհասկցայ, երկար-բարակ ինքնապաշտպանութիւնը նոյնիսկ հակասական արդիւնք կրնայ ունենալ, երբ տեղ մը չ՛ըսուիր, թէ ճիշդ ինչո՞վ է որ կ՛ամբաստանուի ինքնապաշտպանուողը: Թերեւս շատ առարկայական կերպով, չակերտներու մէջ, պէտք է ըսել, թէ ի՞նչ են այդ անհիմն (կամ ոչ) տարաձայնութիւնները: Այսպիսի հերքում մը միայն հերքողին եւ իր շրջանակի հաւատարիմ (չհարցադրող) հետեւորդներուն կը ծառայէ՝ դուրս ձգելով իննսուն տոկոսը, ինչ որ անուղղակիօրէն կը սատարէ զանոնք աւելի եւս հեռացնելու հայ մամուլէն: Դեռ կը սպասենք Մխիթարեաններու սնանկացման վերաբերող լուրերու, որ Արփիկ Միսաքեանի նման մէկն իսկ գրաքննեց ատենին: Առանց լրատուութեան չիք հակակշիռ, եւ անշուշտ՝ ընթերցող»:
Կ՛ընդունինք քննադատութիւնը եւ իսկապէս կը ջանանք քիչ մը աւելի մասնագիտական, ընթերցողի պահանջներուն հանդէպ քիչ մը աւելի զգայուն մօտեցումով աշխատիլ: Դիւրին չէ, եւ դժուարութիւնը երբե՛ք չի բխիր թերթի պատասխանատուներու «սահմանափակումներէն»:
Դժուարութիւնը միշտ ներքին կասկածն է, ինքնավստահութեան պակասը, թէ՝ մամուլով բան մը կարելի է փոխել մեր հասարակական կեանքին մէջ: Մամուլի աշխատողը ի՛նք եթէ վստահութիւն չունի իր խօսքի ուժին ու ազդեցութեան վրայ, ապա պէտք է հեռանայ այս գործէն, այլապէս մեղսակից կը դառնայ ընթերցող-մամուլ խրամատի մեծացման՝ աւելի նօսրացնելով բազում այլ պատճառներով պակսող հայերէն ընթերցողներու շարքերը:
Ներքին այս կասկածը արմատախիլ ընելու միակ պատասխանատուն ի՛նք՝ խմբագիրն է: