ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Հինգշաբթի, 16 Յուլիսին հրապարակուած յայտարարութեամբ Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը հաղորդէ, որ իր հակաօդային ուժերը աչալրջօրէն կը հետեւին հակառակորդի օդուժի ուսումնամարտական թռիչքներուն եւ ուղերթին:
«ՊԲ հրամանատարութիւնը զգու-շացնում է, որ Արցախի օդային տարածքը խախտելու դէպքում, հանրապետութեան ՀՕՊ ուժերը կը ձեռնարկեն բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ հակառակորդի օդային թիրախները վերացնելու ուղղութեամբ: Արցախի երկինքը անվտանգ է եւ անընդհատ գտնւում է հակաօդային պաշտպանութեան ուժերի վերահսկողութեան տակ», կարճ ու յստակ ըսուած է յայտարարութեան մէջ: