ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լիբանանի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի նստավայրին՝ Զմմառի մէջ, 14 Յուլիսին սկսաւ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը՝ 25 Յունիսին վախճանած Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի պատրիարքին փոխանորդ ընտրելու նպատակով։ Այս մասին գրած է լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛օրէան Լը Ժուր» օրաթերթը։
Ժողովի ղեկավարը Փարիզի Սուրբ Խաչի թեմի պատուաւոր նախագահ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեանն է, որ եպիսկոպոսաց դասու ամէնէն աւագն է, այդ պատճառով ալ ստանձնած է պատրիարքական եկեղեցւոյ վարչական ղեկավարի գործառոյթները եւ կը կազմակերպէ նոր պատրիարքի ընտրութիւնները:
Նոր պատրիարք ընտրուելու համար, թեկնածուն պէտք է ստանայ եպիսկոպոսական խորհուրդի 13 եպիսկոպոսներու քուէներուն երկու երրորդը: Եթէ ընտրական բոլոր հանգրուաններէն ետք ոչ մէկ թեկնածու այդքան քուէ ապահովէ, քուէարկողները ընտրութիւն կը կատարեն առաւել մեծ թիւով քուէ հաւաքած երկու թեկնածուներուն միջեւ: Եթէ այդպէս ալ կարելի չըլլայ ընտրութիւն կատարել, ապա 15 օր ետք Սրբազան պապը կը միջամտէ, որպէսզի կայանայ ընտրութիւնը։ Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք նամակ կը յղուի Վատիկան եւ կը նշանակուի ձեռնադրութեան օրը:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ պատրիարքի պաշտօնին կը յաւակնին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի մնայուն անդամ 3 գլխաւոր թեկնածուներ, հակառակ անոր որ սիւնհոդոսի անդամ բոլոր եպիսկոպոսները ի պաշտօնէ թեկնածու կը նկատուին: Այս պարագային հիմնական թեկնածուներն են Գրիգոր եպս. Կապրոյեան (Ֆրանսայի առաջնորդ), Ռաֆայէլ եպս. Մինասեան (Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդ) եւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան (Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ):