Վարդգէս Թրթռեան ծնած է Քեսապ 1932ին, Ասատուր եւ Էլիզա (երկուքն ալ Թրթռեան) ամոլի բազմանդամ (5 մանչ եւ 5 աղջիկ) ընտանիքին մէջ։ Մանկութիւնը անցուցած է մօր գիրկէն աւելի՝ բնութեան ծոցին մէջ։
Նախակրթութիւնը ստացած է իր գիւղի Չագալճըգ (այժմ՝ «Եղնիկավան») միասենեակ եւ միադաստիարակ դպրոցին մէջ, իր ժամանակը բաժնելով դասերուն, ուլերուն ու գառնուկներուն միջեւ, ինչ որ պարագան էր գիւղի իր բոլոր տարեկիցներուն։
1944ին ընտանեօք փոխադրուած են Լիբանան, իսկ 1945ին նախակրթութիւնը աւարտած է Պուրճ Համուտի Աբգարեան Ազգ. վարժարանէն։ Միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Համազգայինի Ճեմարանէն, Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ Կարօ Սասունիի շունչին տակ, բայց իր ամէնէն սիրած ուսուցիչը եղած է Գառնիկ Կիւզէլեանը՝ պատմութեան դասատուն։
Լիբանան հաստատուելէն անմիջապէս ետք միացած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Պատանեկանի շարքերը, ուր ցոյց տուած է ղեկավարի եւ կազմակերպողի բացառիկ շնորհներ, որոնք չեն վրիպած ո՛չ իր ուսուցիչներուն, ո՛չ ալ կուսակացական ղեկավարներուն աչքերէն։
18 տարեկանին մտած է ՀՅԴի շարքերը՝ արդէն իբրեւ գործօն անդամ։ Ճեմարանէն անմիջապէս ետք, իր ուսուցիչներուն թելադրանքով, ան սկսած է գործելու կրթական ասպարէզին մէջ իբրեւ պատմութեան ուսուցիչ, բայց եղած է առաւելաբար ազգային ոգիի ու իտէալներու քարոզիչ։
1950ականներու վերջաւորութեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Սովետական Հայաստանի ղեկավարութեան պայքարէն եւ «Աջերու Գողութեան» գայթակղութենէն ետք, իբրեւ կուսակցական գործիչ՝ ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ ղրկուեցաւ Երուսաղէմ, Սրբոց Յակոբեանց պատրիարքարանի ներքին պառակտումներն ու ազգավնաս գործերը ազգային հունի մէջ դնելու եւ վանքին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Հոն գործեց Վարդան անունով՝ իբրեւ լուսանկարիչ։
Երուսաղէմի մէջ ծանօթացաւ իր ապագայ կողակիցին՝ Անայիս Պէհէսնիլեանին, որ իրեն պէս հանրային ծառայութեան նուիրուած օրիորդ մըն էր։ Ամուսնացան եւ ունեցան երկու զաւակներ՝ Վիգէն եւ Էլօ։
Երուսաղէմի գործերը բարւօք ընթացքի մէջ մտնելէ ետք, ան ընտանեօք վերադարձաւ Պէյրութ, 1963ին եւ հաստատուեցաւ Սիս։ Երկար չմնաց Լիբանան։ Իր շնորհները դարձեալ պէտք եղան իր պաշտած կուսակցութեան. նոյն տարին, ընտանիքը Պէյրութ ձգած՝ կուսակցական առաքելութեամբ մը ան ղրկուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր մնաց ամբողջ տարի մը։ Վերադարձէն ետք ունեցաւ մանչ մը եւս՝ Խաժակը։
Առաջին հաստատուողներէն եղաւ Անթիլիասի շրջանը, ուր հիմնական բաժին մը ունեցաւ «Աղբալեան» կոմիտէութեան հիմնադրութեան ու անոր շուրջ գործող քոյր կազմակերպութիւններու ստեղծման գործին մէջ։
Աշխատեցաւ Անտրէ Թապուրեանի «Լիպիս»ի գործարանը՝ իբրեւ վերահսկիչ, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլը՝ 1979ին։
Իր ամբողջ կեանքը, մանկութենէն սկսեալ, եղաւ փոթորիկներու, ընդհանրապէս յաջողութիւններու բայց նաեւ ձախողութիւններու շարք մը։ Ինք երբե՛ք չհաւատաց մարդոց գովերգած «Ոսկի Միջին»ին, այլ եղաւ միշտ ծայրայեղ, թէ՛ իր արտայայտութեանց եւ թէ իր գործելաձեւին մէջ։ Իր ժամանակին հազիւ մէկ երրորդը յատկացուց իր ընտանիքին, իսկ երկու երրորդը՝ հանրային գործին, եւ այդ իսկ պատճառաւ, ընտանիքէն դուրս անձնական կեանք չունեցաւ։
Ամերիկա հաստատուելէն ետք նիւթական դժուարութիւններ չունեցաւ, զաւակները ամուսնացուց, թոռնիկներ ունեցաւ ու վայելեց զանոնք, սակայն կարծես իր տարերքէն դուրս ելաւ։ Ինք ծնած էր փոթորկելու, ալեկոծելու, պոռթկալու համար։ Ամերիկայի ոչ ճոխութիւնը, ոչ ապահովութիւնը խօսեցան իրեն. ինք մնաց միշտ իր անցեալին, իր յիշատակներուն մէջ։ Ամերիկայի մէջ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին իր մխիթարանքը եղան այն երկու ժամանակահատուածները, երբ կուսակցութեան կողմէ առաքուեցաւ Հայաստան, կուսակցութեան կազմակերպման կանուխ տարիներուն։
Իր Կեանքի վերջին 4-5 տարիները եղան ձեւով մը ճգնական տարիներ. մանաւանդ կնոջ հիւանդութենէն ետք, ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրեց անոր խնամքին։ Քիչ-քիչ սպառեցաւ իր սպասումին մէջ եւ ի վերջոյ շիջեցաւ 9 Յունիսի առաւօտուն, երբ արեւը տակաւին չէր սկսած իր կեանքը բաշխելու աշխարհին։
Թէեւ ինք բաժնուեցաւ մեզմէ, սակայն իր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ իր զաւակներուն, հարազատներուն եւ եօթը թոռներուն յիշողութեան մէջ, իբրեւ շատ սիրելի հայր, իբրեւ անփոխարինելի եղբայր եւ աննման ու անմոռանալի Վարդգէս պապուկ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.