Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին հայասէր որբախնամ, Ղազիրի որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլերի թոռնիկը՝ Իտա Ալամըտտին, իր երկու որդիներուն՝ Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքիչ Կարօ Տէրունեանի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր կապուած Բաբա Քունցլերի կեանքին, անոր դերակատարութեան՝ որբերու խնամատարական աշխատանքներուն մէջ, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն՝ գորգագործութեան գործարանին, այրիներու համար ստեղծած հաստատութեան, աղջիկներու համար բացած ձեռագործի գործարանին եւ Ազունիէի թոքախտանոցի հիմնումին: Յայտնենք, որ Բաբա Քունցլեր խնամած է աւելի քան 8000 որբեր ու հայր դարձած է անոնց, ինչպէս արդարօրէն իր անուան կապուած «Բաբա» մակդիրը կը պարզէ:
Վեհափառ հայրապետը հիւրերուն յայտնեց, թէ ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Զուիցերիոյ մէջ Արմէնոֆասի կողմէ կազմակերպուելիք՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Բաբա Քիւնցլերին նուիրուած յատուկ հանդիսութեան: Իտա Ալամըտտին ըսաւ, թէ ինք եւս պիտի մասնակցի յիշեալ հանդիսութեան:
Արծարծուեցաւ Բաբա Քունցլերի գերեզմանը վերանորոգելու հարցը եւ արժեւորելու անոր տեղն ու դերը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գործին մէջ:
Ապա, հիւրերը մեկնեցան այցելելու Ղազիրի որբանոցը եւ Ժըպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու նորակառոյց թանգարանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.