ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՈՒ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻ «ՀԱՅԹԵՔ»Ի ՏԻՏԱՆՆԵՐԷՆ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք միջազգային ճանաչման հասած հայորդիի մը, մեր սիրտերը հպարտութեամբ կը լեցուին: Այս պարագային, կը խօսինք մեր բարեկամներէն, մեր շրջանէն «Հայթեք» (Hitech) բարձր ճարտարարուեստի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն Ադամ Գաբլանեանի մասին:
Ադամ Գաբլանեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Ան նախնական ուսումը ստացած է Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանէն, ապա մեկնած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ շարունակելու համար իր ուսումը. հոն, ան հետեւած է բնագիտութեան ճիւղին, Քալիֆորնիոյ «Պըրքլի» համալսարանին մէջ՝ ստանալով պսակաւոր աստիճան Physics-ի մէջ, 1983ին:
Ա. Գաբլանեան իր մասնագիտական աշխատանքը սկսած է որպէս VLSI microchip electronics design engineer, Xicor Corporation-ին մէջ, Միլփիթաս: Ան design manager-ի դիրքը կը նուաճէ նախքան ընկերութենէն մեկնիլը 1989ին: Այդ ժամանակաշրջանին, Գաբլանեան մասնակցած է աւարտական դասընթացքներու՝ Սանթա Քլարայի համալսարանին մէջ, եւ 1992ին ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ ելեկտրոնային եւ համակարգչային գիտութեանց մէջ:
1996ին, Գաբլանեան հիմը կը դնէ իր VLSI Microchip Design ընկերութեան, որ կը կոչուէր նաեւ Virage Logic Corp, ուր ան կը գործէ որպէս CEO եւ վարչական կազմի ատենապետ: 2000ին, ան կը յաջողի NASDAQ-ի միջազգային շուկայէն ներս մուտք գործել՝ մեծ յաջողութեամբ:
Ա. Գաբլանեան ունեցած է աննախընթաց յաջողութիւններ՝ «Հայթեք»ի եւ բարձր ճարտարարուեստի զանազան ճիւղերուն մէջ. ունեցած է 15 գիւտեր, որոնք ընդգրկուած են «US Patent»ի շրջագիծէն ներս: Բազմաթիւ եւ բազմապիսի են Գաբլանեանի մասնագիտութեան մասին տեղեկութիւնները, բայց այսօր պիտի գոհանանք այսքանով, գուցէ օր մը, երբ առիթ ընծայուի, ամբողջական հարցազրոյց մը կը կատարենք այդ մասին:
Ա. Գաբլանեան, 1985ին, ամուսնացած է Ռիթա Արէճեանի հետ. անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով: Իր սիրած զբաղումները եղած են պասքեթպոլը, դահուկարշաւը, ընթերցանութիւնն ու ճամբորդութիւնը:
2014ի Յունիսին, Ա. Գաբլանեան նշանակուած է «AUA»ի՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի, հոգաբարձութեան խորհուրդի անդամ, իսկ 2015ի Փետրուարին՝ «AUA»ի հոգաբարձութեան Զարգացման եւ ծաւալման յանձնախումբի ատենապետ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ձեր ծնողները ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր ազգային նկարագիրի կազմաւորման եւ ձեր այս բարդ ու դժուարին մասնագիտութեան վրայ:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.- Ծնողներս յստակ, մասնաւոր ազդեցութիւն չեն ունեցած վրաս, սակայն իրենցմէ ժառանգած եմ յարատեւ աշխատասիրութիւն եւ զոհողութիւն՝ ազգիս ու ժողովուրդիս նկատմամբ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչը ձեզ մղած է «Հայթեք»ի այս բարդ մասնագիտութեան հետեւելու:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.– Ես Ամերիկա եկայ «Ֆիզիքս»ի հետեւելու, աւելի՝ Astrophysics-ի՝ Աստղաբնագիտութեան. տարիներու ընթացքին, կեանքի հոլովոյթներուն հետ շատ բաներ փոխուեցան ու պայմանները այնպէս բերին, որ հիմա այս մասնագիտութեան յանգեցայ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ խորհուրդներ կու տաք այն հայ երիտասարդներուն, որոնք կը փափաքին ձեր մասնագիտութեան հետեւիլ:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.- Իրենց համար լաւագոյն խորհուրդը, զոր կրնամ տալ, այն է, որ նուիրուածութեամբ հետեւին իրենց մասնագիտութեան, ի՛նչ ալ ըլլայ ատիկա՝ միշտ ձգտելով աւելի բարձր նպատակներու, միեւնոյն ատեն ծառայեն ազգին ու ժողովուրդին. միշտ շահի ետեւէն երթալը լաւ բան չէ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Գիտենք, թէ Սան Ֆրանսիսքոյի Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգանակային յանձնախումբի ատենապետն էք. ի՞նչ իրագործումներ ունեցաք վերջին 7-8 ամիսներուն ընթացքին՝ շրջանէն ներս:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.- Մեր գործունէութիւնը ընդարձակեցինք, ունեցանք 20է աւելի զանազան միջոցառումներ, որոնցմէ կը յիշեմ գլխաւորները.
Առաջին հանգանակային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2014ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» համալիրի «Սարոյեան» սրահին մէջ. այդ օրը ունեցանք մեծ յաջողութիւն՝ հանգանակելով շուրջ 400,000 տոլարի նուիրատուութիւններ եւ խոստումներ, ինչ որ խթան հանդիսացաւ մեր ընդհանուր գործունէութեան յաջողութեան:
Շաբաթ, 28 Փետրուար 2015ին, ունեցանք քայլարշաւ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Golden Gate կամուրջին վրայ. մասնակիցներուն թիւը կը հասնէր շուրջ 1000ի: Ապրիլ 18ին եւ 19ին տեղի ունեցաւ սիմփոզիում՝ Պըրքլիի համալսարանէն ներս, ուր ներկայ գտնուեցան Ցեղասպանութեան 12 պատմաբաններ, աշխարհի չորս կողմէն: Կիրակի, 19 Ապրիլին, Հարիւրամեակի երիտասարդական խումբը քայլարշաւ կատարեց ԳԶՎ վարժարանէն մինչեւ Mount Davidson: Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015ին, դարձեալ Mount Davidson բլուրին վրայ տեղի ունեցաւ յուշահանդէս ու զոհուածներու վերջին հոգեհանգիստ: 24 Ապրիլ 2015ին կայացաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակի գլխաւոր հանդիսութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանէն ներս, մասնակցութեամբ շուրջ 1800 հոգիի՝ քաղաքապետարանէն ներս, եւ շուրջ 700 հոգիի՝ քաղաքապետարանէն դուրս, սրահներու թիւի սահմանափակումին պատճառաւ: Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, բանախօսական ելոյթներ՝ օտար պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ, «Ա-րաքս» պարախումբի հրաշալի ելոյթները եւ այլ հանդիսութիւններ:
Մայիս ամսուան 15էն 17, ունեցանք զանազան ֆիլմերու ցուցադրութիւն՝ «Cinema Armenia Film Festival» անուան տակ: Հոս կ՛ուզեմ նաեւ յիշել, թէ մեր յանձնախումբը ձեռնակներուն բոլոր ծախսերը փակելէ ետք, նաեւ հանգանակուած գումարէն նպաստներ յատկացուց կարգ մը հաստատութիւններու ու որբանոցներու, ինչպէս՝ Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին, Էջմիածինի Երիտասարդական կազմակերպութեան, Այնճարի Աւետարանական որբանոցին, Հալէպի որբանոցին, «Թռչունեան» որբանոցին՝ Գիւմրիի մէջ, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ սուրիահայ գաղթականներու համար տուներու շինութեան ֆոնտին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «AUA» թուային գրադարանին եւ շօշափելի գումար մը Ապրիլ 24ի յանձնախումբին:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթը պատճառ կ՛ըլլայ ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն թիւը աւելնալուն:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.- Անպայման որ օգուտ պիտի ունենայ. ինչպէս գիտէք, վերջերս Գերմանիա, Աւստրիա եւ քանի մը այլ երկիրներ ընդունեցին Ցեղասպանութիւնը, եւ իմ կարծիքով հիմնական օգուտը պիտի ըլլայ մեր երիտասարդ սերունդի արթնութեան, որ մեր ազգի միութեան ու միասնական գործունէութեան համար օգտակար է: Կանք, պիտի մնանք ու յարատեւենք մեր աշխատանքներուն մէջ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Գիտենք նաեւ, թէ հայրենի պետութիւնն ու ժողովուրդը պատշաճ ծրագիրներ գործադրեցին, 100ամեակի պահանջատիրական աշխատանքներուն նկատմամբ. ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք զեկուցել մեզի Հայաստանի մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին՝ պետական թէ ժողովրդային գետնի վրայ:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.- Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ տեղի ունեցան մեծ ու փոքր Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկներ. բոլորն ալ մեծապէս գնահատելի են: Իսկ Հայաստանի պարագան անշուշտ ամենահիմնականն ու գլխաւորն էր, որովհետեւ պետական մակարդակով էր, հայկական պետութիւնը հոն է, հայկական հողին վրայ է, ծիծեռնակաբերդը հոն է ու, վերջապէս, հայ ժողովուրդը հոն է: Ինչպէս գիտենք, ամբողջ աշխարի կողմէ ներկայացուցիչներ կային, նոյնիսկ չորս երկիրներու նախագահներ եւ այլ երկիրներու նախագահներու ներկայացուցիչներ ու բարձրաստիճան քաղաքական անձնաւորութիւններ: Ինծի համար մեծապէս գնահատելի են հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչական ձեռնարկները: Առաւել, 100ամեակի նախօրէին Քարտաշեան քոյրերու Հայաստան գտնուիլը նաեւ ունեցաւ իր նպաստը մեր ազգային քարոզչութեան մէջ:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածէք՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային դատական ատեաններու մէջ հետապնդելով, որեւէ հատուցում կամ հողերու վերադարձ կարելի՞ է յուսալ:
ԱԴԱՄ ԳԱԲԼԱՆԵԱՆ.- Ես իրաւաբան չեմ: Սակայն եւ այնպէս տրամաբանական կը գտնեմ նման պահանջներու դիմելը, որովհետեւ հիմքը ունինք, հիմնական պատճառը ունինք, այդ հողերը մերն են, մեր նախնիները անիրաւաբար դուրս դրուած են, աքսորուած են մեր հարազատ հողերէն, այդ բոլորը մեզի կը պատկանին, տարակոյս չկայ այդ մասին, մեր կաթողիկոսութիւններն ու մեր պետութիւնը պէտք է հետապնդեն այս հարցը: