«ԱԼԻՔ».- Թեհրանի Հայոց Թեմական խորհուրդի փոխատենապետ Վարուժ Յովհաննիսեան կը տեղեկացնէ, որ ընթացիկ շաբաթուան մեկնարկին, Թեհրանի կուսակալութեան կենդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը՝ Թեհրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Թեհրանի կուսակալի քաղաքական եւ կարգապահական հարցերով առաջին տեղակալ Նասերպախթի միջեւ:
Նախաձեռնութիւնը՝ հիւրընկալող կողմինն էր, որ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն փոխանցած է Իրանի իսլ. խորհրդարանի նախընտրական շրջանի մեկնարկէն առաջ՝ «Պետութեան եւ ժողովուրդի համերաշխութեան եւ միաւորման տարի» բանաձեւի իրականացման ճանապարհին նպատակային դարձնել՝ կատարուելիք գործն ու սպասուող արդիւնքները:
Կուսակալի գլխաւոր տեղակալը՝ կարեւորելով կրօնական փոքրամասնութիւններու էութիւնը, անդրադարձած է Թեհրանի քաղաքային խորհուրդին մէջ այդ համայնքներեն մէկ ներկայացուցչի անհրաժեշտութեան փաստին մասին, որ կրնայ է դրականօրէն ազդել նաեւ այդ համայնքներու բարեկեցութուն եւ հասարակական աշխատանքներեւն:
Վարուժ Յովհաննիսեան՝ նշելով, որ նիստին ընթացքին մասնակիցները իրազեկ պահուած են հայկական դպրոցներու եւ կրթօճախներու, ինչպէս նաեւ մարզա-մշակութային միութիւններու եւ հասարակական կեդրոններու նիւթական դժւարութիւններուն մասին, աւելցուց, որ բարձրաստիճան պատասխանատուին փոխանցած է Ազգային առաջնորդարանին մէջ նախաձեռնուելիք Կուսակալի եւ ազգային իշխանութեան պատասխանատուներու միջեւ հանդիպման հրաւէրը, ուր հնարաւոր կը դառնայ բացուիլ թեհրանահայ համայնքի մշակութային ենթակառուցուածքներուն առնչւող, ինչպէս նաեւ կողմերուն յուզող խնդիրներուն շուրջ: