ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015ի առաւօտեան ժամը 11ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Լիբանան ժամանած օտար եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ թեմակալ առաջնորդներուն ու միաբան հայրերուն, ժամանեց կաթողիկոսութեան խնամքին ներքեւ գործող «Թռչնոց Բոյն» հաստատութիւնը, Ժըպէյլ, կատարելու Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի բացումը:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչը՝ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները ներկայացնող շարք մը հոգեւոր առաջնորդներ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, պետական անձնաւորութիւններ, Ժըպէյլի քաղաքապետ Զիյատ Հաուաթ, թանգարանի բարերար Պէզիքեան ընտանիքի անդամներ, ազգայիններ, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ պատսպարուած նախկին որբեր եւ հոծ թիւով հայ ժողովուրդի զաւակներ։
Բացման խօսքը արտասանեց «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեան: Ան հակիրճ ներկայացուց պատմականը Դանիական եկեղեցիներուն նախաձեռնած մարդասիրական հիմնարկին՝ անդրադառնալով «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյգըպսընի՝ «Մամա»ին, որբահաւաքի անձնուէր առաքելութեան ու անոր թողած վաստակին՝ հայ որբախնամութեան աշխատանքին մէջ: Վերջապէս, Ս. Խտըշեան բացատրութիւն տուաւ թանգարանի աշխատանքներուն ու նպատակին մասին:
Թանգարանի բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ իր հայրը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հազարաւոր որբերէն մին, որ պատսպարուած է այս մարդասիրական հաստատութենէն ներս: Յուզումնախառն ձայնով ան ըսաւ, թէ իրեն համար բարոյական պարտաւորութիւն էր այս բարերարութեան ճամբով նախ՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնել հաստատութեան բոլոր անձնուէր ծառայողներուն եւ ապա՝ իր հօր յիշատակին ընդմէջէն յարգել բոլոր որբերը, որոնց դերը հսկայական եղաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման մէջ:
Ժըպէյլի քաղաքապետ Զիյատ Հաուաթ խօսեցաւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատութեան կարեւորութեան մասին եւ դրուատիքով յիշեց շրջանէն ներս ապրող հայ ժողովուրդին բերած ներդրումը՝ պատմական Պիպլոս (Ժըպէյլ) քաղաքի զարգացման ու բարգաւաճման գործին: Քաղաքապետը նաեւ վստահեցուց, թէ նորակառոյց այս թանգարանը յատուկ տեղ պիտի գրաւէ Ժըպէյլի զբօսաշրջութեան ծրագիրներէն ներս:
Խօսք առաւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, որ նաեւ կը ներկայացնէր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Թամմամ Սալամը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքը ընթերցեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Մարոնի եկեղեցւոյ Ռայի պատրիարքը, որ նախքան պատրիարք ընտրուիլը երկար տարիներու առաջնորդն էր Ժըպէյլի Մարոնի համայնքին, յայտնեց, թէ ինք լաւ կը ճանչնայ այս հաստատութիւնը եւ անոր տարած մարդասիրական գործունէութիւնը՝ շեշտելով, թէ մարդասիրական ծրագիրներու հովանաւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան անբաժան մասն է: Պատրիարքը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքի կարեւորութեան՝ իբր անբաժան մասը լիբանանեան ընկերութեան, եւ իր ունեցած եղբայրական յարաբերութեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Վերջապէս, պատրիարքը յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ նշելով, թէ Լիբանանի ժողովուրդը անմասն չէր մնացած Օսմանեան պետութեան սփռած արհաւիրքէն եւ ան եւս ենթարկուած էր սովի ու կոտորածներու: Պատրիարքը եզրափակեց ըսելով, թէ դժբախտաբար այսօր եւս պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ Միջին Արեւելքի մէջ:
Վեհափառ հայրապետը խօսք առնելով գնահատեց «Թռչնոց Բոյն»ի առաքելութեան հաւատացող բոլոր անձնուէր ծառայողները եւ բարերարները: Ապա անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի իւրայատկութեան՝ վստահեցնելով, թէ թանգարանի բացումը պարզապէս սկիզբ մըն է: «Արխիւներու հաւաքման աշխատանքները պիտի շարունակուին եւ մեր յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ ստեղծել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան յատուկ կեդրոն մը», ըսաւ ան, ապա գնահատեց Պէզիքեան ընտանիքը եւ բոլոր ճարտարապետներն ու մասնագէտները, որոնք իրականացուցին այս արդիական եւ պատուաբեր թանգարանի իրագործումը:
Ողջունելով հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներու, դեսպաններու եւ պետական ու քաղաքական հիւրերու ներկայութիւնը՝ վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց եւ ըսաւ, որ անոնք մասնակից կը դառնան Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին՝ գործնապէս իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին: Ապա, անդրադառնալով 100ամեակի իմաստին ու պատգամին՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ այս թանգարանը մեր ժողովուրդին համար կոչ մըն է յիշելու մեր նահատակները ու իր հաւատարմութիւնը վերանորոգելու անոնց սրբազան կտակին նկատմամբ, միանգամայն՝ յիշեցնելու համայն մարդկութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու դատապարտումը հրամայական է՝ կանխելու համար այլ ցեղասպանութիւններ, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջելու համար ցեղասպան Թուրքիայէն:
Խօսելով թանգարանին մասին՝ Արամ Ա. վեհափառը Հայոց Ցեղասպանութեան որբերուն նուիրուած այս թանգարանը նկատեց կենդանի յիշատակարան մը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնք զոհը դարձան Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Ցեղասպանութեան: Ան աւելցուց՝ ըսելով. «Թանգարանը նաեւ կենդանի յուշարար մըն է հազարաւոր որբերու, որոնք Լիբանանի մէջ խնամք ու դաստիարակութիւն ստացան՝ ամերիկեան, զուիցերիական ու դանիական մարդասիրական կազմակերպութիւններու կողմէ: Թանգարանը խօսուն վկայութիւն մըն է այն նշանակալից դերին, զոր Լիբանանը ունեցաւ հայ ժողովուրդի վերածննդեան մէջ: Արդարեւ, Թուրքիոյ մէջ մեր ժողովուրդը ատելութիւն ու ջարդ տեսաւ. սակայն, ընդհանրապէս արաբական աշխարհի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ ան սէր ու կեանք գտաւ: Ահա՛, թէ ինչու Լիբանանը դարձաւ սիրտը Սփիւռքի հայութեան: «Թռչնոց Բոյն»ի եւ Լիբանանի այլ որբանոցներուն մէջ պատսպարուած մեր որբերը իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին հայ ժողովուրդի վերածննդեան՝ Լիբանանէն սկսեալ ի Սփիւռս աշխարհի»:
Եզրակացնելով իր խօսքը՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ խնամուած ու դաստիարակուած որբերէն Արամ Պէզիքեանի զաւակը՝ Ալեքքօ Պէզիքեան, ահաւասիկ այս թանգարանի բարերարութիւնը ստանձնած է, որպէս յիշատակ՝ իր հօր եւ երախտագիտութիւն՝ Լիբանանի նկատմամբ:
Հանդիսութեան աւարտին, բոլոր հիւրերը ուղղուեցան թանգարանի մուտքը, ուր կաթողիկոսը հատելով ժապաւէնը՝ բացումը կատարեց որբերու պատմութեան այս վկայարանին: Ապա, ներկայ պատրիարքները եւ հիւրերը, վեհափառ հայրապետին ընկերակցութեամբ, մօտէն ծանօթացան թանգարանին մէջ ցուցադրուած իրերուն եւ նկարներուն: