Ազգային Առաջնորդարանէն ստացած ենք հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնն ու Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը կը սգան կորուստը ազգային բարերար Լերի Պարնզի, որ աչքերը առյաւէտ փակեց Ուրբաթ, 17 Յուլիսին։
Լերի Պարնզ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն էր։ Ի յիշատակ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի, ան մէկէ աւելի հանգրուաններով իշխանական նուիրատուութիւններ կատարեց եկեղեցւոյ, դառնալով ո՛չ միայն բարերար, այլ նաեւ եկեղեցւոյ ու կողքի մշակութային կեդրոնի ծրագիրին մարմնաւորման մղիչ ուժը։ Ան այս բարերարութիւնը կատարեց՝ յաւերժացնելու համար յիշատակը իր կնոջ ընտանեկան հարազատներուն, որոնք վանեցի էին եւ մեծ մասամբ զոհ գացած էին Ցեղասպանութեան։ Այսպիսով, Ս. Կարապետ եկեղեցին իբրեւ յուշակոթող կը կանգնի նաեւ հայութեան նահատակներուն։
Լերի Պարնզ գործեց լուսարձակներէ հեռու, ինչպէս կը թելադրէ քրիստոնէական մեր հաւատքը։ Անոր յիշատակը անմար պիտի մնայ Լաս Վեկասի ու Արեւմտեան մեր թեմի հաւատացեալներուն սիրտին մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 25 Յուլիսին, կէսօրէն առաջ ժամը 10ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ