ԵՐԵՒԱՆ.– 23էն 24 Յուլիս լուսցող գիշերը հակառակորդին կողմէ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է շուրջ 160 անգամ. տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 82 միլիմեթրնոց ականանետերէ ու տարբեր տիպի նռնականետերէ՝ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2500 կրակոց:
Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է հակառակորդին ցուցաբերած աշխուժութիւնը ճնշել: