ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Կարմրախտը կամ շառագոյն տենդը (scarlet fever) մանկական հիւանդութիւն մըն է, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ ոեւէ մէկ անձի եւ որեւէ մէկ տարիքի: Անիկա կը յատկանշուի կոկորդի բորբոքումով եւ մորթային ցանով (rash):
Կարմրախտի յարուցիչը մանրէ մըն է, որ կը կոչուի group A beta hemolytic streptococcus (GABS):
Կարմրախտի ախտանշաններն են՝ ջերմութիւն, կոկորդի ցաւ, կլլելու դժուարութիւն, կոկորդի եւ նշիկներու կարմրագոյն կէտաւորում ու վիզի աւշագեղձերու ծաւալում: Անոր նախանշաններն են՝ մարմնական ընդհանուր ցաւ, գլխացաւ, ստամոքսի ցաւ, նողկանք եւ փսխունք:
Կարմրախտի ամէնէն յատկանշական ախտանշանն է՝ մորթի կարծր կարմիր եւ տարածուն բշտիկաւոր ցանը, որ կը նմանի աւազաթուղթի (sand paper): Մորթի ցանը կը յայտնուի ջերմէն 24 ժամեր ետք: Ցանը կը յայտնուի նախ փորին եւ կուրծքին վրայ եւ ապա՝ ամբողջ մարմինին վրայ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի մարմինի ծալքերուն մէջ, մասնաւորապէս աճուկի (groin), անութի (armpit) եւ արմուկի ծալքերուն (elbow creases) վրայ: Մորթացանին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ քերուըտուք: Ցանը կ՛անհետանայ 7-10 օրերու ընթացքին եւ վերջաւորութեան մորթը կը կեղուըւի (peel) առանց որեւէ մէկ հետք ձգելու:
Այս հանգրուանէն ետք լեզուին վրայ կը տեսնուին կարմիր կէտէր, որոնք կը գրաւեն ամբողջ լեզուին մակերեսը: Լեզուն կ՛ունենայ ելակի երեւոյթ եւ անոր համար կը կոչուի ելակալեզու (strawberry tongue): Այս կարմրագոյն կէտերը քանի մը օրեր ետք կ՛անհետանան:
Կարմրախտը փոխանցիկ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչ մանրէները կը փոխանցուին հիւանդին քթահոսքին եւ կոկորդի հեղուկին միջոցաւ, մասնաւորաբար հազալով, խնջելով, թքելով եւ փռնգտալով: Փոխանցումը առաւելաբար տեղի կ՛ունենայ մորթի ցանի եւ ջերմի ընթացքին, ինչպէս նաեւ ջերմի անհետանացումին յաջորդող 12-24 ժամերուն ընթացքին:
Անոր թխսաւորման ժամանակաշրջանը 12 ժամէն մինչեւ 7 օր է:
Կարմրախտի ախտաճանաչումը բացայայտ է կոկորդի եւ մորթի ախտաբանական երեւոյթով: Սակայն պէտք է կատարել կոկորդի խլնաթաղանթի կոկորդաջնջան (throat swab) եւ կոկորդէն վերցուած խլնահեղուկի մշակում (culture):
Կարմրախտը կը դարմանուի հակամանրէական դեղերով 7-10 օրերու ընթացքին: Հիւանդին պէտք է տրուի առատ հեղուկ եւ սննդառական հեղուկային կերակուրներ: Հիւանդին եղունգները պէտք է կարճ պահել, որպէսզի քերուըտուքի պատճառով ան չքերէ իր ախտահարուած մորթը, եւ մորթային երկրորդական բորբոքում տեղի չունենայ:
Կարմրախտի բորբոքումը կրնայ տարածուիլ կոկորդի յարակից բաժինները, մասնաւորապէս միջին ականջը, դէմքի խոռոչները (sinuses) եւ թոքերը՝ յառաջացնելով միջին ականջի բորբոքում (otitis media), դէմքի խոռոչներու բորբոքում (sinusitis) եւ թոքատապ (pneumonia): Չդարմանուած կարմրախտի պարագային կրնայ տեղի ունենալ յօդացաւային ջերմութիւն (rheumatic fever) եւ երիկամներու բորբոքում:
Կարմրախտէ վարակուող հիւանդին շուրջը գտնուողները պէտք է առնեն հետեւեալ կանխազգուշական միջոցները.
1. Պէտք չէ գործածեն հիւանդին գործածած իրեղէնները, յատկապէս՝ դգալ, պատարաքաղ, պնակ, անձեռոց, անկողին եւ բարձ.
2. Ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լաւ պէտք է լուան ամէն անգամ, երբ մօտենան հիւանդին.
3. Հիւանդին շատ չմօտենան եւ յաճախ չայցելեն անոր:
Կարմրախտը պատուաստ չունի: