Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Համահայկական 6րդ ամառնային խաղերուն: Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, պաշտօնատար անձեր, Հայաստանէն մարզասէրներ եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր:
Հայաստանի Համահայկական 6րդ ամառնային մարզախաղերը կ՛ընդգրկեն 17 մարզաձեւեր Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի գաղութներէն՝ 6350 մարզիկներու մասնակցութեամբ: Հալէպի պատուիրակութիւնը կը կազմեն 51 անձեր՝ ներառեալ տարբեր մարզաձեւերու մասնակիցներ:
yn.am-ի տեղեկութիւններով՝ Հալէպի ֆուտպոլիստներէն Նժդեհ Արամեան կը պատմէ իրենց Հալէպէն Լիբանան ճամբորդութեան մասին: Նժդեհ կը վկայէ, որ սարսափելի ճամբորդութիւն մըն էր. «Հալէպէն Լիբանան 21 ժամերու տեւողութեամբ մենք բազմիցս զինուորական խուզարկութիւններու ենթարկուեցանք, ակնյայտ էր մեր հանրակառքը, մանաւանդ անոր համար, որ կ՛ընդգրկէր 51 երիտասարդ քրիստոնեաներ: Հակառակ անոր, որ բազմիցս ստուգուած էին մեր զինուորական փաստաթուղթերը, բայց եւ այնպէս ամէն արգելակի մեր սիրտերուն մէջ վախ կը յառաջանար: Փառք Աստուծոյ, որ կաշառակերութիւնը կայ, զինուորական իւրաքանչիւր արգելակ քանի մը հազար սուրիականի կը նայէր»:
Երբ հարցումը Հալէպի վիճակին մասին էր, ան պատասխանեց. «Ամէն ինչ ձեր գիտցածին պէս է: Մենք՝ ակումբի տղաքս, կը շարունակենք 24 ժամ հսկել մեր կառոյցները, կը շարունակենք, մինչեւ այսօր, ջուր կրել հալէպահայերու տուները, ռմբակոծումները կը շարունակուին, քաղաքը կրկնակի աւերուած է, մանաւանդ Սուլէյմանիէ թաղամասի ահաւոր ռմբակոծումներէն ետք»:
Իսկ պատուիրակութեան մասին ան յայտնեց. «Հալէպի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 51 հոգիներէ, զանազան մարզաձեւերու մասնակիցներ ունինք ՀՄԸՄ եւ ՀԵԸ ակումբներէն: Մեր մէջ է նաեւ միակ ping-pong-ի մասնակիցը, որ Սուրիոյ մակարդակով առաջին դիրքը կը գրաւէ: Մեծ յոյսերով եկած ենք, մեր նպատակն է բաժակակիրներ ըլլալ եւ ձեռնունայն չվերադառնալ Հալէպ»:
Բարի երթ կը մաղթենք հալէպահայ մասնակիցներուն, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն եւ նպատակներու իրականացում: Յիշենք, որ փառաւոր բացման արարողութեան ընթացքին երկլեզու երդում հնչեց արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն: Արեւմտահայերէն երդումը արտասանուեցաւ հալէպահայ լողորդ Շողիկ Աւետիսեանի կողմէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.