ՈՒԱՇԻԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Քալիֆորնիայէն հանրապետական Էտ Ռոյս յայտնած է, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի մերժման իր հեղինակած բանաձեւը ներկայացուած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յանձնախումբի քննարկման: Ան ըսած է, որ համաձայնագիրին հետեւանքները «համաշխարհային ապահովութեան համար չափազանց մեծ են: Այդ գործարքը չափէն աւելի շատ եւ չափէն աւելի արագ զիջումներ կը տրամադրէ ահաբեկչական պետութեան, ինչ որ աշխարհը կը դարձնէ նուազ ապահով եւ կայուն», ըսած է Ռոյս:
Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իրանի հետ համաձայնութիւնը պիտի չարգելակէ Թեհրանի կողմէ հիւլէական ռումբի ստեղծումը, այլ միայն ճամբայ պիտի հարթէ ատոր ստեղծման համար»: Ըստ անոր, այդ համաձայնութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ «ահաբեկչական գործողութիւններու եւ անոնց զոհերու թիւի յաւելումը» ամբողջ աշխարհի վրայ: Ան ամերիկացի հրեաներուն կոչ ուղղած է՝ «պայքարելու այս վատ գործարքին դէմ»:
Այս բոլորէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա զգուշացուց ամերիկեան Քոնկրեսի անդամները՝ նշելով. «Եթէ Քոնկրեսին մէջ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հաւանութիւն չտրուի, ապա Միացեալ Նահանգներ պիտի պարտադրուի յարձակում գործել Իրանի դէմ, իսկ «Հըզպալլա»ն պիտի հակադարձէ՝ հրթիռակոծելով Թել Աւիւը, եւ Իսրայէլն է, որ ատոր գինը պիտի վճարէ, որովհետեւ «Հըզպալլա»ն իր հրթիռները Թել Աւիւի վրայ պիտի արձակէ եւ ոչ թէ Նիւ Եորքի: Սակայն անոնք կրնան ականուած նաւ մը ուղարկել՝ ամերիկեան նաւ մը հարուածելու համար»:
Օպամա այս խօսքերը ըսած է Միացեալ Նահանգներու հրեայ համայնքի 22 ղեկավարներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին: Ան զգուշացուցած է, որ եթէ Քոնկրեսը ձախողութեան մատնէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը, ապա վերջինս պիտի քաշուի համաձայնութենէն, որուն ընդդիմադիրները յաւելեալ ճնշում պիտի բանեցնեն Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու:
Օպամա սուր կերպով քննադատած Նեթանիահուն՝ ըսելով. «Պատրաստ էի անոր հետ հանդիպելու, որպէսզի քննարկեմ այն, ինչը Իսրայէլը աւելի ապահով կը դարձնէ, սակայն ան պատրաստ չէ ինծի հետ հանդիպում ունենալու, որովհետեւ այդ մէկը կը նկատէ ճերմակ դրօշ բարձրացնել, իսկ ինք կ՛ուզէ շարունակել համաձայնութեան ընդդիմանալ»: