ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ ձկնորսութեան եւ ձկնաբուծութեան համախառն արտադրանքի քանակը 2015ի առաջին կիսամեակին կազմած է 14.3 միլիառ դրամ. 2014ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ աւելցած է 29.6 տոկոսով:
«Հայ ձկնարտադրողների եւ ձկնարտահանողների միասնութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արթուր Աթոյեան նշած է, որ Հայաստանի ձկնաբուծութեան ներքին շուկան վնասուած է, իսկ արտաքին շուկային մէջ տեղական արտոդրողները անմրցունակ են:
«Ներքին շուկայում գործում են ինքնարժէքից ցածր գներ: Վարկային պարտաւորութիւններ ունեցողները նոյնիսկ ինքնարժէքից 120-150 դրամով էժան են վաճառում», ըսած է Աթոյեան:
Հայաստանէն ձկնամթերք կ՛արտածուի գլխաւորաբար դէպի ռուսական շուկայ: Հայաստանէն հոն ձուկ-ձկնամթերք արտածելու իրաւունք ունի 26 տնտեսավարող:
Ռուսական շուկային մէջ հայկական ձկնամթերքը կը մրցի աւելի աժան ներկայացուած ձկնամթերքի հետ:
Աթոյեանի համաձայն՝ ձուկ արտադրողները չեն կրնար յաղթահարել խնդիրները՝ պետական կառոյցներու հետ գործակցութեան բացակայութեան պատճառով. «Իշխանութիւնները պէտք է մշտապէս հսկեն, որպէսզի լիազօր կառոյցներն իրականացնեն իրենց պարտաւորութիւնները»:
2014ին աւելցած է նաեւ Հայաստանէն թարմ, պաղեցուած, սառեցուած եւ վերամշակուած ձկնամթերքի արտածման քանակը՝ կազմելով գրեթէ 2.2 հազար թոն: