ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ խաղողագործութեան զարգացման հարցերը քննարկելու նպատակով, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեանի գլխաւորութեամբ եւ շահագրգիռ կողմերուն մասնակցութեամբ 10 Օգոստոսին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն:
Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալներ, Հայաստանի ազգային ագարակային համալսարանի գիտնականներ, գիտական կազմակերպութիւններու մասնագէտներ եւ ընկերութիւններու ղեկավարներ:
Նախարարը ներկաներուն տեղեկացուցած է, որ՝ նկատի առնելով ոլորտի ընթացիկ զարգացումները, անհրաժեշտութիւն ծագած է վերանայելու խաղողագործութեան զարգացման ռազմավարութիւնը, որ կարելիութիւն պիտի տայ ապահովելու խաղողագործութեան ճիւղի հետագայ կայուն զարգացումը:
«Խաղողագործութեան զարգացումը մեր երկրի տնտեսութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի, եւ մենք պէտք է համախմբենք հանրապետութեան ողջ մասնագիտական ներուժն այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներ իրականացնելու համար», իր խօսքին մէջ ըսած է նախարար Կարապետեան:
Նախարարը աւելցուցած է, որ այդ նպատակով պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբ, որ պիտի զբաղի վնասատու նիւթերու առկայութեան պարագային խաղողագործութեան ռազմավարութեան մշակմամբ՝ յայտնելով, որ այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան նաեւ միջազգային փորձագէտներ:
Ռազմավարութիւնը պէտք է ընդգրկէ ոլորտի զարգացման 10 տարիներու տեսլականը՝ ներկայացնելով, ըստ քայլերու յաջորդականութեան իրականացուելիք նախաձեռնութիւնները, պետական խիստ վերահսկողութեան ներքոյ:
Նախարարը յատկապէս կարեւոր նկատած է քոնեաքագործութեան, գինեգործութեան եւ սեղանի տեսականիի դասակարգման, գիւղացիական տնտեսութիւնները որակեալ եւ հիւանդութիւններէ զերծ տնկիներով ապահովելու հարցերը: Նախարարը շեշտած է, որ պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ խաղողի հայկական տեսականիի պահպանման։ Այս նպատակով ալ յառաջիկային շուրջ 5 հեկտար տարածութեան վրայ պիտի ստեղծուի խաղողի հաւաքածոյի այգի, ուր պիտի պահպանուի խաղողի հայկական տեսականիի ֆոնտը: