Պոսթընի ոստիկանութիւնը ջութակներու վարպետ եւ նորոգող ամերիկահայ Ֆիլիփ Ինճէեանի շնորհիւ յայտնաբերած է 35 տարի առաջ Պոսթընի երաժշտական դպրոցէն գողցուած 1734ի Ստրատիվարիուս ջութակը։
Հայ վարպետին դիմած է պատահական անցորդ մը եւ տեղեկացուցած, որ կ՛ուզէ ջութակը վաճառել: Ուսումնասիրելով գործիքը Ինճէեան կը համոզուի, որ անիկա գողցուած է, եւ տեղեկացուցած է ոստիկանութեան: Պարզուած է, որ ոստիկանութիւնը 35 տարիէ ի վեր կը փնտռէ գողցուած ջութակը:
Այսպիսով, հայ վարպետը դարձած է ամերիկեան լուրերու գլխաւոր հերոսը: