ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան աշնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցելու համար դիմումները սկսած են ընդունուելու: Դիմումները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ Սեպտեմբեր 10, երեկոյեան ժամը 5՝ այցելելով ancawr.org/internship կայքէջը:
11 շաբաթեայ աշնանային վարժողական ծրագիրին մասնակիցները մօտէն պիտի ծանօթանան գաղութի գործունէութեան ու զայն կազմակերպելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցին աշխատանիստերու, դասախօսութեանց ու շարք մը գործնական աշխատանքներու:
Ծրագիրը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 21ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Դեկտեմբեր 11: Մասնակիցները պէտք է 17-23 տարեկան ըլլան ու շաբաթական առնուազն 20 ժամ տրամադրեն ծրագիրին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել elen@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին, իսկ նախորդ տարիներու ծրագիրներուն մասնակիցներու վկայութիւնները կարելի է կարդալ ancawr.org կայքին վրայ։
Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրները կը գործեն 2006էն ի վեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.