ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի մէջ հիւրընկալուած են տարբեր երկիրներէ Հայաստան ուղղուած 20-32 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդները, որոնք միջին հաշուով չորս ամիս շարունակ իրենց մասնագիտական հմտութիւնները կամաւորաբար պիտի դնեն ի սպաս Հայաստանի տարբեր շրջաններու կարիքներուն օժանդակելու։ Անոնք ընդունուած են «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի կողմէ, որ հիւրերուն ներկայացուցած է հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ առաջատար ընկերութեան ձեռքբերումները, այն արժէքները, որոնցմով կ՛առաջնորդուի ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ ընկերութեան կողմէ իրականացուող համագործակցական–ընկերային պատասխանատուութեան ծրագիրները:
«Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ը կարեւոր կը նկատէ սփիւռքահայ երիտասարդները հայրենիքի մէջ աշխատելու ճամբով երկրին ծանօթանալու վերաբերող նախաձեռնութիւնները: Ընկերութիւնը հաւատացած է, որ Հայաստանը ճանչնալու լաւագոյն միջոցը ոչ թէ որպէս զբօսաշրջիկ այցելութիւնն է, այլ հայրենիքի մէջ աշխատիլը կամ կամաւորաբար՝ անհատին մասնագիտութենէն մեկնած, ժողովուրդին կեանքի որակի բարձրացման նպաստելն է, որովհետեւ այդպիսով սփիւռքահայը պիտի զգայ, որ երկրին տէրն է։
Կարելի չէ համարկուիլ որեւէ հասարակութեան եւ երկրին տէր դառնալ առանց այդ երկրի բնակիչներուն հետ ամէնօրեայ կապին, անոնց առօրեայ խնդիրներուն ծանօթանալուն եւ ձեռք ձեռքի լուծումներ որոնելու գործին լծուելու:
«Դէպի Հայք» ծրագիրը՝ «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ, 2004 թուականէն կազմակերպած է 37 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 1000 հայ երիտասարդներու կամաւոր նախաձեռնութիւններու մասնակցութիւնը Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ։ «Դէպի Հայք» ծրագիրով Հայաստան ժամանողները անմոռանալի փորձառութիւն կ՛ապրին իրենց տարեկիցներուն հետ կապ հաստատելով եւ իրենց մասնագիտութիւններուն հիման վրայ կամաւոր աշխատանքի լծուելով։
«Օգտագործէք երիտասարդ տարիքին հասանելի հնարաւորութիւնները՝ բաց եղէք նորը տեսնելու, այն զարգացնելու եւ երկրի առաջխաղացմանը նպաստելու մարտահրաւէրի առջեւ: Պարզապէս ձեռք մեկնէք ձեր հայրենակիցներին փոքր գործեր անելով: Այս կերպ դուք կարող էք հարստանալ հոգեպէս, կեանքի փորձ ձեռք բերել եւ այս կերպ՝ փոխել աշխարհը: Յիշէք, որ դուք Հայաստանի դեսպաններն էք աշխարհի տարբեր երկրներում եւ լաւագոյն օրինակը՝ ձեր երեխաների համար», յայտնած է «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը՝ ողջունելով Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, Ուքրանիայէն, Բրիտանիայէն, Լիբանանէն եւ Քանատայէն Հայաստան գացած կամաւորները։
Կամաւորները Ռալֆ Եիրիկեանի հետ կիսած են իրենց տպաւորութիւնները եւ «Վիւասել-Էմ. Թի. Էս.»ի ստեղծման եւ անցած ուղիին մասին հարցումներ ուղղած։ Հանդիպումէն ետք սփիւռքահայ երիտասարդները՝ Ռալֆ Եիրիկեանի ընկերակցութեամբ, շրջագայած են ընկերութեան գլխաւոր մասնաշէնքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.