ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեւանի «Արարատ» գործարանի կարեւորութեան մասին որոշ գաղափար ունէի: Ժամանակին, երբ Հայաստան ապրելու եւ գործելու բախտաւորութիւնն ունէի, Արարատեան դաշտի Սուրէնաւան գիւղին մէջ, սփիւռքահայ խումբ մը ընկերներու եւ նոյն գիւղի բնակիչ Արմէն Շահվէրտեանի հետ խաղողի այգի հիմնելու ծրագիր մը սկսանք իրականացնելու:
Աշխատանքի սկիզբը, «Արարատ» քոնիաքի գործարանին հետ պայմանագիր կնքեցինք, վարկով խաղողի տունկեր գնեցինք իրենցմէ, փոխարէնը՝ գործարանը պարտաւորութիւն վերցուց գնելու մեր բերքը: Գործարանին հետ մեր յարաբերութիւնները միշտ եղած են մասնագիտական ու սահուն: Հիմա արդէն իսկ այդ այգին ուրիշինն է:
Այս տարի խաղողի առատ բերք կար ու գիւղացիներու գլխաւոր խնդիրը այդ բերքը վաճառելն էր: Գինիի ու քոնիաքի գործարանները, որոնք իրենց արտադրանքին մէկ կարեւոր մասը ռուսական շուկայ կ՛ուղարկէին, այդ երկրի տնտեսական տագնապին պատճառով վաճառելու դժուարութեան առջեւ կանգնած են, հետեւաբար՝ պարտաւորուած են սահմանափակելու խաղողի մթերումներու ծաւալը: Գիւղացիները, անշուշտ, դժգոհ են ու ցուցական արարքներով կ՛արտայայտեն իրենց բողոքը:
«Արարատ» քոնիաքի գործարանին նշանակութիւնը առաւել խոր գնահատեցի, երբ այցելեցի սահմանամերձ Տաւուշի շրջանի գիւղերը:
Ատրպէյճանական վերջին յարձակումներուն թիրախ դարձած Պառաւաքար գիւղ երթալու ճանապարհին, Իջեւանէն անդին, նկատելի էր խաղողի այգիներու գերակշռութիւնը: Շարժում կար այգիներուն մէջ, բերքահաւաքը լայն թափով կ՛ընթանար: Թշնամիի հրետակոծութեանց վտանգը չէր խանգարեր, որ մարդիկ հաւաքեն իրենց խաղողի բերքը: Այս շրջանի խաղողի գլխաւոր գնորդը Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանն է, որ յատուկ մթերման կէտ ստեղծած է Բերդ քաղաքին մէջ, ինչ որ հսկայական դիւրութիւն կ՛ընծայէ այլապէս հազար ու մէկ դժուարութիւններ դիմագրաւող սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն: Ուղղակի կենսատու, լուսաւոր կեդրոն մըն է անիկա, այդ լեռնաշխարհի կողմերուն:
Հետաքրքրական է Պառաւաքարի զօրանոցի հրամանատարի վկայութիւնը՝ գիւղացիներու հոգեբանութեան վերաբերեալ: Ես գիւղ հասած էի Պառաւաքարի ռմբակոծումէն երկու օր ետք: Մեզ ընդունող սպան պատմեց, որ ինք շրջանի գիւղապետներուն խորհուրդ տուած է, որ գոնէ մէկ օր զգոյշ ըլլան ու դաշտերը դուրս չելլեն: Սակայն, յաջորդ առաւօտ, հրամանատարի զարմացած թէ հիացած հայացքին տակ, գիւղացիները անխռով իջած էին դաշտերը՝ հաւաքելու համար իրենց աշխատանքի պտուղները, իրենց ապրուստի կարեւորագոյն միջոցը։
Սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն, անոնց խիզախութեան ու դիմացկունութեան մասին յաճախ կը գրուի մամուլին մէջ: Յաւելեալ վկայութեան կարիք չկայ: Սակայն եւ իւրաքանչիւր շփում այդ շրջաններու բնակչութեան հետ, մեզ աւելի՛ զգայուն կը դարձնէ անոնց կարիքներուն, անոնց խնդիրներուն, որոնք պետական ուշադրութիւն կը պահանջեն, իսկ մեր պարագային՝ սփիւռքեան յաւելեալ ներդրումը կրնայ լրացնել պիւտճէական սղութեան պատճառով առկայ բացերը:
Այս այցելութեանս, Պառաւաքար եւ Ծաղկաւան գիւղերը մտայ: Հզօր զինուորներու հետ հանդիպում, Ծաղկաւանի դպրոցին ծանօթացում եւ ամբողջ օր մը ծաղկաւանցի նոր ընկերներու հետ, բնութեան գիրկը, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ներարկում: Դպրոցի գրադարանը մանկական հէքիաթներու կարիք ունէր: «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան նուէրը եղաւ այդ. յաջորդ օրը Երեւանէն գնուած գունաւոր գիրքերը ուղարկուեցան գիւղ։