
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ինչպէս արդէն յայտնած էինք անցեալ Հինգշաբթի օրուան «Օրը Օրին» սիւնակով, Լոս Անճելըսի մեր բարեկամներէն, դաշնակցական վաստակաւոր ընկեր Պետրոս Աբէլեան իր շրջանակի ընկերներէն եւ իր կողմէ 1200 տոլար հանգանակած էր «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան ձեռնարկած բարեգործական նպատակին ի նպաստ:
Միւս նուիրատուներուն անունները կը հրատարակենք իր վերադարձէն ետք:
Ընկեր Աբէլեան անցեալ Հինգշաբթի օր անձամբ այցելեց Մելքոնեաններու ընտանիքին եւ անոնց փոխանցեց վեց հարիւր տոլար:
Նոյն օրը, Արարատեան դաշտի Այգեւան գիւղէն ընկեր Աբէլեան հասաւ Արագածոտնի մարզի Նորաշէն գիւղ, ուր այցելեց մեր նահատակ զինուոր Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքին ու անոր փոխանցեց վեց հարիւր տոլար:
Վարձքդ կատար ընկեր Պետրոս:
