ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍԱՆ.- Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակները Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ին հաղորդակից դարձան Միւռոնօրհնէքի արարողութեան, որ տեղի ունեցած էր անցեալ Յուլիսին, Լիբանանի Պիքֆայա աւանի Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակը, Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի ու մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնորդ սրբազաններու:
Ինչպէս ծանօթ է, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, մասնակցելէ ետք Միւռոնօրհնէքի արարողութեան՝ իրեն հետ բերած էր նոր օրհնուած միւռոնէն. անցեալ ամիսներուն ան հերթաբար այցելեց մեր եկեղեցիները, ուր կատարեց ջրօրհնէքի արարողութիւն, որպէսզի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը նոր օրհնուած միւռոնով սրբագործուած ջուրով իր ընտանեկան յարկը կամրջէ մեր դարաւոր պատմութեան ու քրիստոնէական աւանդներուն:
Առաջնորդ սրբազանը Կիրակի, Հոկտեմբեր 25ին հանդիսապետեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ կատարեց ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը, որ այս արարողութիւններու շարքին վերջինն էր: Ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամներէն տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան եւ դոկտ. Գալուստ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ ազգային երեսփոխաններ եւ եկեղեցւոյ ծառայողներ:
Խոստովանանքէն ետք առաջնորդ սրբազանը ուղղեց իր պատգամը, ապա օրուան պատարագիչը՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Միւռոնաթափ Աղաւնին «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ բարձրացուց Ս. խորան։
Առաջնորդ սրբազանը «Առաքելոյ Աղաւնոյ» շարականի երգեցողութեամբ եւ Ս. միւռոնի հեղումով կատարեց ջրօրհնէքը: Իր պատգամի սկզբնաւորութեան, առաջնորդը ողջունեց ներկայութիւնը Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն, ու մաղթեց, որ խոստովանանքի այս մթնոլորտին մէջ, միւռոնի կենարար ներկայութիւնը նոյն ոգիով ներգործութիւն ունենայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ:
Առաջնորդը շարունակեց ըսելով, որ Միւռոնօրհնէքի իւրաքանչիւր արարողութիւն պատմական հանգրուան մը կը կերտէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, իսկ այս տարի, Միւռոնօրհնէքը կատարուեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, հետեւաբար՝ նոր օրհնուած միւռոնը ոչ միայն մեզ հաղորդակից կը դարձնէ մեր եկեղեցւոյ հիմնադիր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին կողմէ սկզբնաւորուած Միւռոնօրհնէքի խորհուրդին հետ, այլեւ մեզ կը տոգորէ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ անցեալ Ապրիլին սրբադասուած մեր նահատակներուն ոգիով ու մեզ յանձնառու կը դարձնէ վերանորոգելու քրիստոնէութեան ու հայութեան արժէքներու հաւատարմութեան ուխտը:
Նկատի ունենալով, որ մեր եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ Կիրակին Գիւտ Խաչի տօնն էր, առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ պատմական այդ դէպքին եւ քրիստոնեային համար խաչի կենարար զօրութեան: Առաջնորդը խօսեցաւ Քրիստոսի խաչի գիւտի դէպքին մասին, որ հոգեկան ցնծութեան ու վերածնունդի առիթ եղաւ Հեղինէ թագուհիին համար: Ան մաղթեց, որ խաչի գիւտին ստեղծած վերածննդեան ոգիով, սրբալոյս միւռոնի կաթիլները եւս հոգեւոր ցնծութեան եւ պայծառացման առիթ ըլլան մեզի համար: Ան շեշտեց, որ խաչը մեզի համար լոյս է ընդդէմ կեանքի խաւարին, յոյս ու ապաւէն է թուլութեանց ու տկարութեանց մէջ, յաղթանակ է ընդդէմ պարտութեան, կեանք է ընդդէմ մեռելութեան:
Առաջնորդ սրբազանի պատգամէն ետք, հաւատացեալները Ս. հաղորդութիւն ստացան եւ օրհնուած ջուրէն բաժին մը առնելով տուն վերադարձան՝ հայկական յարկերը լուսաւորելու միւռոնի ներգործութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.