ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2 Նոյեմբերէն 3 Նոյեմբեր լուսցող գիշերը՝ ժամը 02:10ին Մոսկուայէն Երեւան ուղղուող պաս մը Տուլայի մարզի Ուզլովեան շրջանին մէջ արկածի ենթարկուած է։ Անոր մէջ կային 59 ճամբորդներ, արձանագրուած են զոհեր ու վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են Ուզլովայա, Քիրէեւսք եւ Պոկորոտիցք քաղաքներու հիւանդանոցներ:
Արկածին իբրեւ հետեւանք մահացած են 8 ճամբորդներ, որոնց 7ին անունները արդէն ճշդուած են։
Տեղական ինքնակառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն փոխանցած են մահացողներուն անունները. Յակոբ Ալիխանեան Լուդուիկի (1960ի ծնունդ), Հայկ Ժորայի Յովհաննիսեան, Հրաչ Բադալեան (1981ի ծնունդ), Գագիկ Մանուկեան Արմէնի (1961ի ծնունդ), Վարուժ Ստեփանեան (1954ի ծնունդ), Սպարտակ Ցոլակի Նալբանդեան (1947ի ծնունդ), Գառնիկ Գուրգէնի Յակոբեան (1961ի ծնունդ)։
Ներկայիս ոստիկանները կը հետաքննեն, որպէսզի կարենան գտնել արկածին պատճառը. կասկած կայ, որ անիկա թեքնիք հարցեր ունեցած ըլլայ կամ վարորդը ղեկի ետին քունի անցած ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.