ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տաւուշի մարզի Չորաթան գիւղի մանուկները արդէն կրնան յաճախել ամբողջութեամբ նորոգուած եւ կահաւորուած մանկապարտէզի շէնք:
1990ականներուն հակառակորդին յարձակումներէն խուսափելու համար Չորաթանի մշակոյթի տուն տեղափոխուած մանկապարտէզը այսքան տարի է, որ հիմնովին չէր վերանորոգուած: Հայ օգնութեան ֆոնտին (ՀՕՖ) ջանքերով այդ մէկը իրականութիւն դարձաւ։ ՀՕՖի հայաստանեան մասնաճիւղէն տեղեկացուցած են, որ այս տարի սահմանամերձ գիւղին նախակրթարանին աջակցող միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններուն միացած է նաեւ ՀՕՖը՝ իր «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզում» ծրագիրով վերանորոգելով Մշակոյթի տան մանկապարտէզին պատկանող հատուածը:
«Մեր մանկապարտէզը դարձել է մի փոքրիկ դրախտավայր: ՀՕՖի կողմից կատարուածը բառերով եւ թուերով նկարագրել անհնար է: Զարմացած են ե՛ւ ծնողները, ե՛ւ երեխաները: Ծնողները, կատակելով, նշում են, որ այս պայմանների համար էլի են ցանկանում երեխաներ ունենալ», դպրոցի բացման հանդիսութեան ընթացքին ըսած է Չորաթանի մանկապարտէզի տնօրէն Օֆելեա Քալանթարեան:
«Մեր երկիրը սահմանից է սկսւում, ու եթէ բոլորը հասկանան սա ու այս մտածելակերպով առաջնորդուեն, ամէն ինչ լաւ կը լինի», իր կարգին նշած է ՀՕՖի Կրթական ծրագիրներու ղեկավար Էդուարդ Կարապետեան: Ի նշան երախտագիտութեան՝ Չորաթան գիւղը շնորհակալագիրներ յանձնած է «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզում» ծրագիրի բարերար Մարտիկեան ընտանիքին ու ՀՕՖին:
Նախակրթարանին օժանդակած է նաեւ Focus on Children Now կազմակերպութիւնը՝ վերանորոգելով ենթակառոյցները ու գոյք տրամադրելով: Մանկապարտէզը ընդգրկուած է 2013ին մեկնարկած ՀՕՖի «Աղքատութեան յաղթահարումը Տաւուշի մարզում» 5ամեայ ծրագիրի մանկապարտէզներուն տրամադրուող սնունդին միջոցով թերսնման դէմ պայքարի ծրագիրին մէջ։ Յառաջիկային ՀՕՖի օգնութեամբ պիտի կահաւորուի նաեւ մանկապարտէզին խոհանոցը ու պիտի տրամադրուի պակսող գոյքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.