ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ թրքական ուժերուն հեռացումը պահանջող Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի բազմիցս «Իսլամական պետութեան» դէմ աւելի ազդու աջակցութիւն խնդրած է: Ան նշեց. «Մեր պարտաւորութիւնն է պաշտպանել Մուսուլի մէջ մարզումի աշխատանք ստանձնած զինուորները», եւ ըսաւ, որ թրքական ուժերու Իրաք ներկայութեան նպատակը «խորհրդատուութիւն եւ մարզում» է՝ աւելցնելով, որ օդուժի գործողութիւնները բաւարար չեն «Իսլամական պետութիւն»ը պարտութեան մատնելու, այլ անհրաժեշտ է, որ չափաւորական ընդդիմութեան կողքին ցամաքային ազդու ուժ գոյութիւն ունենայ:
«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրանեան քաղաքականութեան հետ տարակարծիք ենք: Թեհրանի յարանուանական քաղաքականութիւնը վտանգաւոր է», պնդեց ան:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիա մտադիր չէ աւելի մեծ թիւով զինուորներ ուղարկել Իրաքի Նինուէ նահանգը: Ան յայտարարած է, որ Թուրքիա կը փափաքի «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարով զօրացնել Իրաքի հետ յարաբերութիւնները եւ չ՛ուզեր խախտել Իրաքի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:
Թրքական աղբիւրներ կը պնդեն, թէ Տաւութօղլու Իրաքի վարչապետին տեղեկութիւններ փոխանցած է «զինուորներու մարզումի առաքելութեան մասին»:
Իրաքի իշխանութիւններուն տուեալներով՝ թրքական 4 հրասայլային գումարտակներ մուտք գործած են Իրաքի Նինուէ նահանգը, քիւրտ զինեալները մարզելու պատճառաբանութեամբ: Իրաք պահանջած է 48 ժամուան ընթացքին թուրք զինուորները հեռացնել իր տարածքէն:
«Հապերլեր» կայքը հրապարակեց Մուսուլի կից գտնուող Պաշիքա շրջանին մէջ Թուրքիոյ կողմէ հիմնուող ռազմակայանին առաջին լուսանկարները։ Կայքը կը նշէ, որ Պաշիքայի մէջ տեղակայուած թուրք զինուորներուն թիւը նախատեսուած է հասցնել 30,000ի։ Բացի Պաշիքայէն, կը նախատեսուի ռազմական խարիսխ մը հիմնել նաեւ Զելիքանի շրջանին մէջ։
Թրքական «Հիւրրիյէ»չ թերթը կը հաղորդէ, որ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին մօտ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ ՄըքՔըրք գրած է. «Միացեալ Նահանգներ չ՛աջակցիր Իրաքի մէջ զօրքերու տեղակայման՝ առանց Իրաքի կառավարութեան համաձայնութեան: Ատիկա կը վերաբերի թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն, եւ թէ որեւէ այլ երկիրի զինեալ ուժերուն: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին, մենք աշխուժօրէն յորդորած ենք Թուրքիոյ եւ Իրաքի կառավարութիւնները՝ համապատասխան ուղիներով քննարկել ստեղծուած կացութիւնը»:
ՄըքՔըրք դրական եւ կառուցողական քայլ նկատած է Թուրքիոյ եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:
Նաեւ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր եւս յայտարարեց, թէ Իրաք գերիշխան երկիր է եւ անոր հողերուն վրայ որեւէ օտար զինուորական ներկայութիւն մը՝ պէտք է նախ Իրաքի հետ համակարգուած ըլլայ: