ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Նոյեմբեր 3ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայ թեկնածուներէն մէկն էր Մէյն նահանգի Ուեսթպրուք քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթը, որուն այս իրագործումը անուղղակիօրէն պատճառ դարձաւ, որ ծանօթանամ անոր հեղինակած՝ «Ոչ Մէկ Տեղ. Աքսորի Պատմութիւն Մը» («Nowhere, a Story of Exile») հետաքրքրական հատորին։
1988ին սկսած Պաքուի հակահայ հալածանքներուն եւ անոնց յաջորդած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն եւ Հայաստանի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն առնչուող այս հատորը ծնունդ առած է Աննայի օրագրութենէն, զոր Աննա սկսած է պահելու 1988ին։
Ռուսերէնով գրուած օրագրութիւնը իր զաւակներուն փոխանցելու համար, ան սկսած է զայն անգլերէնի թարգմանելու եւ ապա իր շրջապատին քաջալերանքով՝ ամբողջացուցած է օրագրութեան պակասաւոր բաժինները՝ զայն հասցնելով հրատարակուած հատորի, որ խմբագրուած է Թաթուլ Սոնենց Փափազեանի կողմէ։
Հատորը կը սկսի Աննային պատանեկան յուշերով եւ իր սիրելի Պաքու քաղաքին ընդհանուր կացութեան աստիճանական վատթարացումով, յատկապէս հակահայ եւ հակախորհրդային ցոյցերու եւ արարքներու հետեւանքով։ Հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքը, որ արդէն իսկ բարեկամական կարելի չէր կոչել 1988էն առաջ, կը սկսի արագօրէն վատթարանալու՝ Արցախի ինքնավարութեան շարժումին հետեւանքով, եւ Ատրպէյճանի հայերը կը սկսին թիրախ դառնալու ազգայնամոլ ատրպէյճանցիներու հալածանքին։ Աննային համար յատկապէս ցաւալի էր ականտես դառնալ 1988ի երկրաշարժին առիթով՝ Ատրպէյճանի մէջ կատարուած տօնակատարութիւններուն։
Աննա նաեւ կը նկարագրէ իր բարեկամներուն եւ «թշնամին»ներուն շրջանակը, որուն մէջ կան հայեր, ռուսեր, ատրպէյճանցիներ եւ խառնածին պատանիներ։
Հատորին մէջ հետաքրքրական ձեւով տրուած են Աննայի ընտանիքին ապրած վերիվայրումները՝ Պաքուէն հեռանալու կամ մնալու գծով, եւ ապա իբրեւ գաղթական՝ Միացեալ Նահանգներ մեկնելու դիմումը։ Մինչ ընտանիքը կը սպասէր դիմումի պատասխանին, իրավիճակի շարունակական վատթարացումը կը պարտադրէ, որ ընտանիքը Ատրպէյճանէն հեռանայ եւ ապաստանի Երեւան, որ իր կարգին դժուարութիւններու մէջ էր այդ տարիներուն, Ատրպէյճանի պարտադրած տնտեսական շրջափակումին պատճառով։
Սաստիկ ցուրտին եւ 4 հոգինոց ընտանիքով փոքր սենեակի մը մէջ ապրելու պարտադրանքին կողքին, Աննա կը դիմագրաւէ նաեւ հայերէն չգիտնալու դժուարութիւնը՝ Հայաստանի վարժարաններուն մէջ։ Ան առիթով մը կը պոռթայ իր ուսուցիչին դէմ, երբ վերջինս կասկածի տակ կ՛առնէ իր հայութիւնը՝ անոր մականունին վերջաւորութեան պատճառով։ Արդարեւ, Պաքուի մէջ ընտանիքը Աստուածատուրեան անունը Աստուածատուրովի փոխած էր՝ հաւանական հարցերէ խուսափելու յոյսով, հակառակ անոր, որ «ով»էն բացի՝ անունը զուտ հայկական մնացած էր։
Աննայի համար ցնցիչ էր տեսնել հակահայ հալածանքին պատճառով՝ քանի մը ամսուան ընթացքին տասնամեակ մը ծեռացող իր ընտանեական պարագաներն ու բարեկամները։
Աննան սոյն հատորը նուիրած է իր զաւակներուն, ծնողքին եւ Արցախի տագնապի զոհերուն։
Մեր արդի պատմութեան այս սեւ օրերուն մասին կարեւոր վկայութիւն մը հանդիսացող այս հատորը կրնար աւելի ազդու եւ տպաւորիչ ըլլար՝ խմբագրական աւելի «անխիղճ» աշխատանքի շնորհիւ։ Մինչ հասկնալի է հատորին օրագրային բաժինը կարելի եղածին չափ հարազատ պահելու մղումը, աւելի ուշ գրուած բաժինին մէջ, առնուազն, տեղ գտած կրկնութիւնները դիւրութեամբ կարելի էր վերցնել։ Նաեւ, հեղինակային «վիրաբուժական» միջամտութիւններ եւ կրճատումներ կրնային աւելի կուռ դարձնել հատորը, առանց վնաս հասցնելու գիրքի ոգիին։
Այլապէս, հատորը յանձնարարելի է բոլորին եւ յատկապէս դպրոցական տարիքի պատանիներուն, որոնց հասակակից էր Աննան, երբ սկսած էր գրի առնելու այս հատորին հունտերը։