ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան խնդիրին առնչութեամբ հակասական իրավիճակ կայ թրքահայ համայնքի կեանքին մէջ, ըսած է պոլսահայ «Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։ Անոր համաձայն՝ այդ հակասական բարդ իրավիճակին մէջ ծագած է յաւելեալ հարց մը՝ կապուած աթոռակից պատրիարք ընտրելու վարկածին հետ:
«Պոլսոյ մէջ աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն պէտք չէ ըլլայ: Աթոռակից պատրիարքի ընտրութեան բանաձեւումը համահունչ չէ մեր ազգային Սահմանդրութեան ոգիին ու տառին, անիկա ապօրինի է: Պոլսահայութիւնը նոր պատրիարք ընտրելու կարիք ունի: Ազգային սահմանադրութեամբ յստակ բանաձեւուած է, թէ ո՛ր պարագային կարելի է նոր պատրիարքի ընտրութեան նախաձեռնել: Աթոռակից պատրիարք ընտրելու տարբերակը արհեստական կերպով դրուած է օրակարգի վրայ, որպէսզի բուն պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը վիժեցուի», նշած է Արա Գոչունեան: Ան ափսոսանք յայտնած է այն մասին, որ այդ հաշիւները արդարացան: Շուրջ 10 տարի է Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը թափուր է: Անոր համաձայն՝ ներկայիս պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը վերակենդանացնելու հաշուարկները յուսադրող չեն:
«Ի վերջոյ, այդ ընտրութեան հասնիլը կարելի պիտի ըլլայ ո՛չ միայն պետական թոյլտուութեամբ, այլ նաեւ ներքին ընդհանուր համաձայնութեամբ, ներքին հաւանութեամբ, որ կը բացակայի: Համաձայնութեան չգոյութիւնը կը խոչընդոտէ պետութենէն միանշանակ բանաձեւումով ընտրութեան թոյլտուութիւն ստանալը», նշած է Արա Գոչունեան: Ան յոյս յայտնած է, որ այս դժուար շրջանը կը յաղթահարուի, եւ պատրիարքական աթոռը նորէն կ՛ունենայ արժանաւոր գահակալ: Ըստ անոր՝ որքան ալ մեծ ըլլան դժուարութիւնները, համբերութիւնները սպառելու սահմանին վրայ գտնուին, իրենք համոզուած են, որ Սահմանադրութեան կարգով նախատեսուած լուծում գտնուի պատրիարքութեան ընտրութեան հարցին:
«Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը շուրջ 550 տարուան պատմութիւն ունի, եւ այդ ընթացքին աթոռակից պատրիարքի ընտրութիւն չէ կատարուած: Հիմա ալ ոչ մէկ պատճառ կայ աթոռակից պատրիարք ընտրելու: Մաղթենք, որ բանիմացութիւնը յաղթէ», աւելցուցած է Արա Գոչունեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.