ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ սահմանակից եւ այժմ Թուրքիոյ մէջ գտնուող Այնթապ նահանգի համանուն քաղաքի զբօսայգիներէն մէկուն մէջ, անյայտ անձեր սպաննած են 37ամեայ սուրիացի լրագրող Նեճի Ճերֆը, որ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն կողմէ տարածաշրջանին մէջ իրականացուող սպանութեանց եւ վայրագութիւններուն մասին վաւերագրական ֆիլմ մը կը պատրաստէր:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Ուրֆայի մէջ սպաննուած էին երկու այլ սուրիացի լրագրողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.