ՄՈՍԿՈՒԱ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «կարգ մը միջազգային ուժեր սուրիական արիւնարբու վարչակարգին կողքին կը կանգնին եւ կը սպաննեն սուրիացի անմեղ ժողովուրդը»՝ նշելով. «Ռուսիան սուրիացի անզէն ժողովուրդի սպանութեան մէջ կ՛օժանդակէ սուրիական մարդասպան վարչակարգին»: Էրտողան յայտարարեց, որ կը մերժէ քառակողմ դաշինքը, «որովհետեւ մենք չենք կրնար ըլլալ կողքին վարչակարգի մը, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի նման իր ժողովուրդը կը սպաննէ»:
«Ռուսիան Սուրիա եկաւ, որովհետեւ իր նպատակները կը հետապնդէ, իսկ Իրանը շրջանին մէջ յարանուանական խտրականութեան անընդունելի քաղաքականութիւն կը վարէ։ Մենք օսմանցի սուլթաններու թոռներն ենք եւ անիրաւուածներուն ու ճնշուածներուն նկատմամբ վերաբերմունքին մէջ՝ անոնց օրինակին կը հետեւինք», յայտարարեց Էրտողան։
Միւս կողմէ, հակադարձելով այն ամբաստանութեանց, թէ ռուսական յարձակումները անմեղ զօհեր կը խլեն՝ Ռուսիոյ օդուժի հրամանատար գնդապետ Վիքթոր Պոնտարեւ յայտարարեց. «Կ՛ուզեմ ըսել, որ օդաչուներս Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ անգամ վրիպած են, ոչ մէկ անգամ հարուած հասցուցած են արգիլուած թիրախներու, այսպէս կոչուած՝ «զգայուն տեղերու», ինչպիսիք են դպրոցները, հիւանդանոցները, մզկիթներն ու այլ սրբավայրեր»:
Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ մեծագոյն խմբաւորումներէն՝ «Իսլամական բանակ»ի ղեկավարը՝ Զահրան Ալլուշ, սպաննուեցաւ, երբ Դամասկոսի մօտակայ գիւղի մը մէջ խմբաւորման մէկ կեդրոնը օդային յարձակումի ենթարկուեցաւ: Ալլուշ սալաֆական գաղափարախօսութեան հետեւորդ մըն էր եւ իսլամական պետութեան մը հաստատման ջատագովը:
Նաեւ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Միշել Պալտանզա «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ թէեւ Ռուսիա պատրաստ է «Իսլամական պետութեան» մասին տեղեկութիւններու փոխանակում կատարելու, Փենթակոնը մտադիր չէ Սուրիոյ հարցով աւելի մօտէն գործակցիլ Ռուսիոյ հետ, այնքան ատեն որ Մոսկուա չէ փոխած նախագահ Ասատի վերաբերեալ իր դիրքորոշումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.