ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Ռուսիոյ կառավարութեան հետ Հայաստանի բնական կազի, վառելանիւթի եւ չմշակուած բնական ադամանդներու առաքման ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ 2013 թուականի 2 Դեկտեմբերի համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին արձանագրութեան կնքման առաջարկին:
«Արձանագրութեան ստորագրումը կը նպաստի երկու երկրների միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան, տնտեսական կապերի զարգացման համար բարենպաստ պայմանների ստեղծման, գործարար ակտիւութեան բարձրացման շարունակմանը», կառավարութեան նիստին ըսած էր Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան: Ի պատասխան Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հարցումին՝ Զախարեան յայտնած է, որ արձանագրութեան ստորագութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, իսկ հայկական կողմէն զայն պիտի ստորագրէ Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.