ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Յունուար 1ը տարեմուտ է, Կաղանդ:
Հայկական գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է նոր տարին դիմաւորել Աստուծոյ տան մէջ, երախտագիտութիւն յայտնելու մեզի շնորհուած բարիքներուն համար ու կեանքի նոր շրջանը բանալ աղօթքով եւ երկնատուր պարգեւներու խնդրանքով: Համաձայն այս աւանդութեան, 2016ի առաջին օրը, Արեւմտեան թեմիս եկեղեցիներուն մէջ առաւօտեան ժամերգութիւն տեղի պիտի ունենայ՝ առիթ ընծայելու համար հայ ժողովուրդի զաւակներուն իրենց շրջաններու եկեղեցիներուն մէջ աղօթքով բոլորելու Նոր Տարուան առաւօտեան առաջին ժամերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.