ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Ռուսիոյ Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի «Էրեբունի» ռազմակայանը 2016ի երկրորդ կիսուն պիտի համալրուի բազմաթիրախային ճակատային ՄԻԿ-29 կործանիչներով:
ՄԻԿ-29 օդանաւերը, որոնք ռազմակայան պիտի ուղարկուին հիմնական վերանորոգումէն ետք, նախատեսուած են ԱՊՀ երկիրներու ՀՕՊ միացեալ համակարգերու ծիրին մէջ պաշտպանելու Հայաստանի սահմանները եւ, միաւորման մարտական պատրաստականութեան չափանիշներուն համաձայն, կանոնաւոր կերպով ուսումնամարզական թռիչքներ պիտի կատարեն:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ամանորեան արձակուրդէն ետք մասնագիտական կազմը պիտի սկսի պատրաստելու յատուկ կայանատեղիներ՝ նոր սարքերուն համար:
Նշենք, որ 2015ի Դեկտեմբերին Ռուսիա համալրած էր Հայատան գտնուող ռազմակայանը մարտական եւ փոխադրական նոր ուղղաթիռներով։