ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի տնտեսութեան մէջ պրազիլեան էական ներդրումներ չեն կատարուած, ըսած է Հայաստանի մօտ Պրազիլի դեսպան Մարինէօ Տուարթէ Մոնթէյրօ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Դիւանագէտին համաձայն՝ Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ յարաբերութիւնները տակաւին զարգացման ընթացքի մէջ են: «Ես կը հաւատամ, որ մենք շատ բանի կրնանք հասնիլ: Պրազիլը ներդրումներ կատարած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ, որոնք ներկայ են Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ՝ գիւղատնտեսութիւն, լեռնահանքային արդիւնաբերութիւն եւ ֆինանսական ծառայութիւնները: Բայց ես ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանի մէջ պրազիլցի արտածումներ կատարողներու ներդրումներու կարելիութեան առումով մեծ յառաջընթաց չկայ», նկատել տուած է դեսպանը։
Ան շարունակած է, որ 2015ին յատկանշական բան մը պատահած է, երբ պրազիլեան ընկերութիւններէն մէկը, որ աշխոյժ կերպով կը գործէ լեռնահանքային արդիւնաբերութեան մէջ, սկսած է աշխատելու հայկական ընկերութիւններուն հետ: «Ընկերութիւնը կը կոչուի «Magnesita»: Շատ կարեւոր է այն, ինչ անիկա կ՛ընէ Հայաստանի մէջ: Անոնք կ՛աշխատին ընկերութիւններու հետ, որոնք պողպատ, սիմենթ կ՛արտադրեն, ու անոնց կ՛օգնեն բարելաւելու իրենց գործունէութիւնը: Փաստօրէն, ատիկա այնքան արտածման հարց չէ, որքան գործընկերութիւն պրազիլեան եւ հայկական ընկերութիւններուն միջեւ», դիտել տուած է Մարինէօ Տուարթէ Մոնթէյրօ:
Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, ըստ անոր, Հայաստանի մէջ երկու մեծ ընկերութիւն ներկայացուած է՝ «Sadia»ն եւ «Perdigo»ն, որոնք ներկայիս միաւորուած են, եւ որոնք իրենց արտադրութիւնը կ՛արտածեն Միացեալ Նահանգներ, Մերձաւոր Արեւելք եւ Ասիա, իսկ ամէնէն կարեւոր յառաջընթացքը պիտի ըլլայ եթէ կարելի ըլլայ կապերը ընդարձանել անոնց հետ։
Դեսպանը ըսած է, որ մարդիկ երբեմն կ՛ըսեն, թէ Պրազիլը հեռու է, հոն երթալ եւ համագործակցութիւն կատարելը դժուար է, սակայն կան պրազիլական բազմաթիւ ընկերութիւններ, որոնք կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Եւրոպա, Տուպայ, Մոսկուա եւ կարելի է այդ ճամբով աշխատանքի խողովակներ բանալ։ Ան նշած է, որ Հայաստանի եւ Պրազիլի միջեւ կապերը այն մակարդակին չեն, ինչ որ ակնկալելի է, եւ որուն ներուժը կայ։