Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Գանատայի մարմինի կազմակերպած եզրափակիչ ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 12 Դեկտեմբերին, «Քոնքորտիա» համալսարանի J.A. De Seve շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «The 40 Days of Musa Dagh: A Historical Perspective» նիւթով բանախօսութիւնը՝ Carnegie Corporation of New Yorkի նախագահ Վարդան Գրիգորեանի եւ Montreal Institute of Genocide and Human Rights Studies (MIGS)-ի տնօրէն փրոֆ. Ֆրանք Չոքի կողմէ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հարիւրամեակի մարմինի ատենապետ Մհեր Գարագաշեան, որ նշելեց, թէ այս անկիւնադարձային տարին կ՛ուզեն փակել դիմադրութեան պատգամով: Ապա ան խօսքը փոխանցեց «Քոնքորտիա» համալսարանի նախագահ փրոֆ. Ալան Շեփըրտին:
Համալսարանի նախագահը՝ ընդգծելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշանակութիւնը, ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօս՝ դոկտ. Գրիգորեանի կենսագրականը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն: Դոկտ. Գրիգորեան համապարփակ կերպով ներկայացուց Վերֆելի վէպին տուն տուող պատմական տուեալները ու ընդգծեց անոր պարունակած պատգամի մերօրեայ հնչեղութիւնը: Անոր յաջորդեց փրոֆ. Ֆրանք Չոքի ելոյթը: Ան յատուկ կերպով կանգ առաւ թրքական ուրացման քաղաքականութեան վրայ ու ըսաւ, թէ այս երեւոյթը անընդմէջ շարունակուելով՝ սկսած է այլեւս մաս կազմելու թրքական ազգային ինքնութեան:
Միջոցառման երկրորդ բաժինով փրոֆ. Չոք ներկայացուց «The Call From Armenia: Canadas response to the Armenian Genocide» գիրքի հեղինակ Արամ Աճէմեանը ապա զայն հրաւիրեց՝ ներկայացնելու գիրքը: Աճէմեան սահիկներու ցուցադրութեամբ պարզեց իր հետազօտական աշխատանքի արդիւնքը եւ ամփոփ ակնարկ մը նետեց գիրքի ամէն մէկ գլխուն վրայ:
Նշենք թէ այս գիրքը կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն մին է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Գանատայի մարմինին: Այս հրատարակութիւնը իր մէջ կը պարփակէ Գանատայի պետական արխիւներէն նոր յայտնաբերուած փաստագրական տուեալներ՝ 1895էն մինչեւ 1920ականները երկարող ժամանակահատուածին պատահած հայոց ողբերգութիւններուն ու Ցեղասպանութեան մասին: Գիրքը լոյս տեսած է 2015ի Մայիսին, «Բաստրմաճեան» ֆոնտի մեկենասութեամբ:
Երեկոն փակուեցաւ Արամ Աճէմեանի գիրքերու վաճառքով ու հեղինակին կողմէ անոնց մակագրութեամբ: