ԷՆՍԻՆՕ.- Հարաւային Սան Ֆերնանտօ հովիտի ՀԵԴ «Սիմոն Վրացեան» պատանեկան միութեան անդամները Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին իրենց հաւաքած աւելի քան 250 խաղալիքները յանձնած են «Փրովիտընս Թարզանա» բժշկական կեդրոնի պատասխանատուներուն, որպէսզի անոնք, իրենց կարգին, նուէրները յանձնեն այն երեխաներուն, որոնք բշժկական խնամքի պատճառով՝ այս տօնական օրերուն իրենց տուներէն հեռու ըլլալու պարտադրանքին տակ կը գտնուին։
Բժշկական կեդրոնի պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնած են այս նուէրներուն համար՝ նշելով, թէ նուիրաբերումի նման քայլեր յոյժ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան հիւանդ երեխաներուն վրայ։
«Խաղալիքներու այս հաւաքը եւ համայնքին այս ձեւով օժանդակելու արարքը դրական փորձառութիւն էին նաեւ մեզի համար», կը յայտնէ «Սիմոն Վրացեան» պատանեկան միութեան վարչութեան ատենապետ Քամի Արապեան։
Խաղալիքներու հաւաքին յաջողութիւնը ապահովելու համար, պատանիները մէկ ամսուան ընթացքին շարք մը նախաձեռնութեանց դիմած էին՝ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով նուէրներ ապահովելով։