ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հալէպի մէջ սով չկայ եւ մարդիկ շուն ու կատու չեն ուտեր, պարզապէս ահռելի գնաճ կայ եւ կենցաղային ծանր պայմաններ», յայտնած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան՝ անդրադառնալով այն տեղեկութիւններուն, թէ Սուրիոյ մէջ մարդիկ ստիպուած են խոտ, շուն եւ կատու ուտելու՝ ողջ մնալու համար:
«Թէ այլ շրջաններու մէջ կացութիւնը ինչպէ՛ս է՝ չեմ գիտեր, սակայն Հալէպի մէջ նման վիճակ չկայ ու խանութներէն ամէն տեսակի սնունդ կարելի է գնել, եթէ գինը կարենաս վճարել», աւելցուցած է Ռէյիսեան՝ յստակացնելով, որ ժողովուրդը տնտեսական շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ: «Այդ պատճառով ալ, բարեսիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ իրենց օգնութիւնը չեն զլանար», ըսած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակը:
Նշենք, որ լրատուամիջոցներ վերջերս տարածած են սահմռկեցուցիչ լուսանկարներ եւ տեղեկութիւններ, յատկապէս՝ Մատայա քաղաքին մասին, որ Յուլիսէն ի վեր պաշարման տակ է եւ ուր վերջին քանի մը օրերուն միայն կարելի եղած է մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնել։
Միւս կողմէ, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական ռմբակոծութիւններէն ետք ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն հնգամեայ քաղաքացիական պատերազմին մէջ գտնուող Սուրիոյ հայութեան մօտ, եւ թէ արտագաղթը կը շարունակուի՞ տակաւին, Ժիրայր Ռէյիսեան ըսած է, որ կան մարդիկ, որոնք վերադարձած են ու տակաւին կը վերադառնան, իսկ ուրիշներ կը հեռանան։