ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Ատրպէյճանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Հայտրուն Թեմփել Յունուար 11ին յայտնած է, որ այս տարի ԵԱՀԿ նախագահող Գերմանիան կը խոստանայ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել սառեցուած հակամարտութիւններու, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:
«Որպէս ԵԱՀԿի նախագահող երկիր՝ Գերմանիան մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ կարգաւորման շարունակուող հակամարտութիւններուն, զորս մենք կ՛անուանենք «սառեցուած» հակամարտութիւններ: Անոնց շարքին է նաեւ այն հակամարտութիւնը, որուն մէջ ներգրաւուած է Ատրպէյճանը: ԵԱՀԿ նախագահութեան շրջանին խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Գերմանիոյ առաջնահերթութիւնները», յայտնած է դեսպանը: