ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Այս տարի եւս, ՀԲԸՄի նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 11էն 31ի միջեւ, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ հայկական երաժշտութեան նուիրուած խտացեալ դասաւանդութիւն մը՝ «Երաժշտական Հայաստան» խորագիրին տակ, առիթ ընծայելով մասնակիցներուն, որ մարզուին վարպետ երաժիշտներու կողմէ, միաժամանակ՝ մօտէն ծանօթանալով Հայաստանի երաժշտական կեանքին եւ անոր տեսարժան վայրերուն:
Մարզումներու կողքին, մասնակիցները պիտի հետեւին յատուկ դասախօսութեանց եւ ներկայ պիտի ըլլան համերգներու՝ առիթ ունենալով անձամբ ծանօթանալու արուեստագէտներու հետ:
Նախորդ քանի մը տարիներուն, աշխարհի զանազան երկիրներէ հայորդիներ մասնակցած են այս իւրայատուկ ծրագիրին։
Ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է դիմումնագիրները ամբողջացնեն մինչեւ Մայիս 16։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումներ ստանալու համար, այցելել www.agbu.org/musicalarmenia կայքէջը: