Ամանորէն առաջ տեղացած ձիւնն ու ցուրտ եղանակը հայրենբնակ մեր հայրենակիցներուն համար այդքան ալ բարենպաստ չեղան։ Ցուրտին հետ Հայաստան ժամանեց նաեւ խոզի կրիփը, ծանօթ՝ «H1N1 virus» անունով։ Այս վարակը կը տարածուի ահաւոր մեծ արագութեամբ ու թէեւ մահացու չէ եւ չի տարբերիր մնացեալ կրիփային հիւանդութիւններէն, այսուհանդերձ անիկա կրնայ շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, եթէ անոր առաջքը չառնուի եւ համապատասխան խնամք չտրամադրուի հիւանդներուն։ Ցայսօր, 12 քաղաքացիներ մահացած են խոզի կրիփով վարակուելէ ետք։ Մահացածներէն շատերը արդէն իսկ ունեցած են այլ հիւանդութիւններ (սիրտի տկարութիւն, քաղցկեղ եւ այլն) եւ այդ իսկ պատճառով, իրենց թոյլ մարմինը չէ կրցած պայքարիլ այս նոր հիւանդութեան դէմ։
Հիւանդանոցները լեփ-լեցուն են, եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը կ՛աշխատի արտակարգ ժամանակացոյցով՝ կանխելու համար որեւէ վտանգաւոր համաճարակ։ Կրթութեան նախարարութեան հրամանով, դպրոցներն ալ փակ կը մնան։
Այս օրերուն, շատերու նման ես ալ կը խուսափիմ անտեղի շրջապտոյտներէ ու ընկերային շփումներէ եւ ժամանակիս մեծ մասը կ՛անցընեմ տան մէջ՝ ընթերցելով կամ ֆիլմեր դիտելով։ Առիթէն օգտուելով՝ որոշեցի անգամ մը եւս կարդալ ընթերցողներուն՝ ինծի ուղարկած նամակները եւ անդրադառնալ անոնց արծարծած հարցերուն։ Նամակագիրներէն շատերը քաջալերական եւ գնահատանքի խօսքեր կ՛ուղղեն ինծի, իսկ բազմաթիւ ուրիշներ կը քննադատեն զիս։ Շնորհակալ եմ բոլորին, թէ՛ գնահատողներուն, թէ՛ քննադատողներուն։ Քննադատողները զիս կը մեղադրեն Հայաստանը շատ բացասական, կամ հակառակը՝ շատ դրական ներկայացնելուս համար, ուրիշներ դէմ կ՛արտայայտուին իմ կատարած քաղաքական վերլուծումներուն։ Շատերը իշխանութիւններուն կամ քաղաքական ուժերուն ուղղուած քննադատական խօսքերս արդար չեն համարեր, իսկ ոմանք զիս բաւական մեղմ ու չափաւոր կը համարեն ու կը թելադրեն բուռն եւ անխնայ ըլլալ։ Դարձեա՛լ շնորհակալութիւն բոլոր խրատներուն եւ թելադրանքներուն համար։
Այս առաւօտ, երբ կը մտածէի այս հարցերուն մասին ու միաժամանակ կը հետեւէի ընկերներուս ֆէյսպուքեան գրառումներուն, աչքիս զարկաւ Մարթին Լութըր Քինկ Ճունիըրի հետեւեալ միտքը, զոր ընկերներէս մէկը տեղատրած էր իր էջին վրայ.
«Կու գայ ժամանակ, երբ մարդ պէտք է ունենայ այնպիսի դիրքորոշում, որ ո՛չ անվտանգ է, ո՛չ քաղաքականօրէն ճիշդ, ո՛չ ալ ժողովրդահաճոյ։ Բայց այդ դիրքորոշումը պէ՛տք է որդեգրէ, որովհետեւ իր խիղճը կ՛ըսէ, թէ ա՛յդ է ճիշդը»։
Այս միտքերը կարդալով՝ անդրադարձայ, թէ անոնք որքա՜ն կը վերաբերին նաեւ մեզի՝ հայկական իրադարձութիւններուն մասին գրող կամ արատայատուող անհատներուս։ Հայաստանէն՝ Հայաստանի մասին գրելը դժուար եւ պատասխանատու գործ է։ Ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը բարդ են, եւ անոնց ներկայացման ու արծարծման ընթացքին դժուար է ըլլալ անաչառ, առարկայական, ճշմարտախօս եւ անկողմնակալ։ Դիւրինը ժողովրդահաճոյ խօսքեր բարձրաձայնելն է, ամբոխավար խօսքեր արտայայտելը, երկիրի եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարութեան սխալներուն՝ կեցցէ՛ներով արձագանգելը, կամ՝ անոնց հաճոյանալը, մարդոց սիրածը կրկնելն ու չսիրածը թաքցնելը…
Ընթերցողներուն չեմ կրնար խոստանալ բացարձակ ճշմարտութիւն եւ իրավիճակներու անսխալ, առարկայական եւ անաչառ ներկայացում։ Կրնամ խոստանալ միայն մէկ բան՝ նախ եւ առաջ հաւատարիմ մնալ խիղճին, նոյնիսկ եթէ անկէ բխող բառերը անվտանգ չեն, ժողովրդահաճոյ չեն, ու քաղաքականօրէն ճիշդ դիրքորոշում չեն համարուիր։
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.com
Վարձքդ կատար հարգելի Րաֆֆի: Դուն լաւագոյն օրինակն ես վերադարձի եւ հայրենադարձութեան: Գրէ այդ մասին եւ քաջալերէ որ թէ Սփիւրքը թէ Հայաստանը ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՐԴԵԳՐԵՆ: