ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն չի զօրակցիր Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոնի այն ամբաստանութիւններուն, թէ Թուրքիա «Իսլամական պետութեան» կ՛օժանդակէ՝ անկէ քարիւղ գնելով, եւ աւելցուց. «Այդ պնդումները հաստատող փաստեր գոյութիւն չունին»:
Միւս կողմէ, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս եւս յայտնեց, որ Անգարան մեծ քանակութեամբ քարիւղ ձեռք կը բերէ «Իսլամական պետութեան» վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն՝ նպաստելով ահաբեկիչներուն: Քամենոս նաեւ Անգարային կոչ ըրաւ ձեռնարկելու աւելի լուրջ միջոցառումներու՝ տեղահանուածներուն Եւրոպա հոսքը սահմանափակելու ուղղութեամբ: