Փետրուար 10ին, Վրաստանի Նինոծմինտա քաղաքի մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ձիւնէ պատրաստուած քանդակներու մրցոյթը, զոր կազմակերպած էր Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ մարզանքի բաժինը։
Այս առաջին անգամն է, որ այսպիսի մրցոյթ կ՛իրականացուի Նինոծմինդայի մէջ։ Մրցոյթին մասնակցեցաւ 5 խումբ Նինոծմիտա քաղաքի 3 դպրոցներէ, ինչպէս նաեւ Օրոճալարի եւ Մեծ Խանչալիի գիւղական դպրոցի խումբերը: Մասնակիցները մրցոյթին ընթացքին ստեղծեցին ձիւնով գեղեցիկ գործեր:
Դատակազմի որոշումով մրցոյթին յաղթող ճանչցուեցաւ Օրոճալար գիւղի դպրոցի խումբը, որ կառուցած էր ձիւնի շերտէ Ծիծեռնակաբերդը: Երկրորդ տեղը գրաւեց Նինոծմինտայի թիւ 1 դպրոցը, իսկ 3րդ տեղը շնորհուեցաւ Նինոծմինտայի թիւ 2 ռուսական դպրոցին:
Բոլոր մասնակիցները ստացան յուշանուէրներ եւ պատուոգիրներ կազմակերպիչներուն կողմէ: